Պոլոնիայի օդակայանին մօտ բոցեր եւ ծուխեր երէկ սարսափի մատնեցին իտալացիները: Ըստ իտալական ոստիկանութեան, խուճապին պատճառը օդակայանին մօտ գտնուող մայրուղիի մը վրայ ինքնաշարժի արկած մըն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը:
Վառելանիւթ փոխադրող մեծ բեռնատար մը կրակ առաւ` հրկիզելով այլ ինքնաշարժներ, եւ մեծ պայթում յառաջացուց` նկատառելի վնաս պատճառելով մայրուղիին:
Ըստ իտալական «Ռայնիուզ24»-ին, արձանագրուած է զոհ մը եւ 55 վիրաւորներ:



