Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենեզուելայի Նախագահին Դէմ Մահափորձ

August 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ Միացեալ Նահանգներն ու Քոլոմպիան ամբաստանեց Վենեզուելայի մէջ բռնարարքներ հրահրել ջանալու յանցանքով:

Իր դէմ կատարուած ձախող մահափորձէն ետք Մատուրօ Քոլոմպիան ամբաստանեց անօդաչու թռչող եւ պայթուցիկ սարքերով զինուորական շքերթի մը ընթացքին իր դէմ կատարուած մահափորձին ետին կանգնելու յանցանքով:

Յարձակումը տեղի ունեցաւ, մինչ ան խօսք կ՛արտասանէր, եւ իսկոյն պատկերասփիւռային ուղղակի սփռումը դադրեցաւ, Մատուրօ եւ պատուոյ բեմին վրայ գտնուող ուրիշներ իրենց նայուածքները մէկ ուղղութեամբ շեղեցին, պայթումի ձայներ լսուեցան, եւ անոր թիկնապահները շտապեցին զինք պաշտպանելու:

Տեսերիզները ցոյց տուին վենեզուելացի զինուորները, որոնք սփռումի ընդհատումէն առաջ փախուստի կը դիմէին: 7 զինուորներ վիրաւորուած են:

Մատուրօ յայտնեց, որ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն սկսած է` աւելցնելով, որ մահափորձին կարգ մը մասնակիցները արդէն ձերբակալուած են:

Ան վենեզուելական ընդդիմադիր կողմեր եւ քոլոմպիական ծայրայեղ աջը ամբաստանեց իր դէմ կատարուած մահափորձին համար` ընդգծելով, որ այդ առնչութեամբ նուազագոյն կասկածն իսկ չունի: «Անկասկած Մանուէլ Սանթոս (Քոլոմպիոյ նախագահը «Ա») այս մահափորձին ետին կը կանգնի, անկասկած…», ըսաւ ան:

Վենեզուելայի նախագահը ըսաւ, թէ իր դէմ կատարուած մահափորձը ֆինանսաւորողներէն ոմանք կը բնակին Միացեալ Նահանգներու մէջ` յոյս յայտնելով, որ Ուաշինկթըն կը գործակցի «ահաբեկչական աւազակախումբերուն» դէմ:

Քոլոմպիական նախագահութեան աղբիւրները մերժեցին Մատուրոյի ամբաստանութիւնները: Ըստ ընկերային ցանցերուն, Վենեզուելայի նախագահին դէմ մահափորձի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է անծանօթ խմբաւորում մը:

Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն նշեց. «Ամերիկեան կառավարութիւնը մեղսակից չէ»: Ան «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ դէպքը «կրնայ ինքնին նախագահ Մատուրոյի վարչակարգին կողմէ պատրաստուած պատրուակ մը կամ այլ բան մը ըլլալ»:

«Եթէ Վենեզուելան շօշափելի տեղեկութիւններ ունի, ապա զայն լրջօրէն պիտի սերտենք», ըսաւ ան:

Պոլիվիոյ եւ Նիքարակուայի ղեկավարները դատապարտեցին մահափորձը եւ Ուաշինկթընը ամբաստանեցին իրենց երկիրները քանդել փորձելու յանցանքով:

Իրանն ու Սուրիան իրենց կարգին դատապարտեցին մահափորձը:

 

 

Նախորդը

«Թեհրան Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Իրանեան Շահերու Հետապնդման Գրասենեակ Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Քասեմի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.