Միացեալ Նահանգներու «Միջին Արեւելքի հարցով պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց. «Պէտք է Համաս կտրուկ կերպով զինաթափուի, ան Կազայի մէջ ապագայ չունի»: Այս մասին հաղորդեց «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթը:
«Փոխանցման փուլը պէտք է ներառէ Կազայի բնակչութեան պաշտօններն ու կրթութիւնը եւ ոչ թէ միայն զէնքը եւ բռնութիւնը», նշեց Ուիթքոֆ:
«Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին երաշխաւորելու Կազայէն մահացած գերիներու բոլոր դիակներու տունդարձի երաշխաւորման համար», ըսաւ ան:
«Վստահ եմ, որ սպաննուած բոլոր գերիներու դիակները պիտի վերադարձուին», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հինգշաբթի գիշեր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ քննարկած է Կազայէն գերիներու դիակներու վերադարձման կշռոյթը: