«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Քարայիպեան ծովու շրջանին եւ Վենեզուելայի հիւսիսային օդային տարածքին մէջ արդիական զէնքեր տեղակայած է:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն` Փենթակոնէն ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան օրաթերթին յայտնած է, թէ մասնայատուկ ուժեր յատուկ գործողութիւններու միաւորներէն ուժեր տեղակայուած են, ներառեալ օդուժի թիւ 160 գաղտնի միաւորէն զօրամաս մը:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ նշեալ միաւորը մասնայատուկ ուժերուն համար առաքելութիւններ կը կատարէ եւ ծանօթ է Պըն Լատենի սպանութեան գործողութեան իր մասնակցութեամբ:
Օրաթերթը աւելցուց, որ շրջանին մէջ տեղակայուած ուժերուն մէկ մեծ մասը կը կազմեն մարդատար եւ յարձակողական մեծ ուղղաթիռները: