Ըստ ՔԱԿ-ի Մէկ Ղեկավարին. Օճալանի Ազատ Արձակումը Թուրքիոյ Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Յաջողութեան Համար Անհրաժեշտ Է
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավարներէն Տեւրիմ Պալու յայտնեց. «Ապտալլա Օճալանի ազատ արձակումը Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան հոլովոյթի աւելի ազդու յաջողութեան համար շատ անհրաժեշտ հարց է»: «Այս հոլովոյթի գործադրութեան ան ձեռնարկեց: Ան պէտք է աւելի դիւրութեամբ մարդոց հետ հանդիպում ունենայ, եւ անոր պայմանները շտապ կերպով պէտք է բարելաւուին», աւելցուց ան: Պալու ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ ՔԱԿ-ը իր բոլոր...



















