Շաբաթ օր իր մահկանացուն կնքեց ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար, Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակակիր Քոֆի Անան:
80 տարեկան դիւանագէտը կը գտնուէր Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէկ հիւանդանոցը:
Ան առաջին սեւամորթ ափրիկեցին էր, որ ստանձնեց աշխարհի աւագ դիւանագէտի պաշտօնը եւ պաշտօնավարեց երկու նստաշրջան` 1997-էն մինչեւ 2006:
Անանի նստաշրջանը զուգադիպեցաւ Իրաքի պատերազմին եւ «Էյչ.Այ.Վի.»-ի համաճարակին:
Հետագային ան վարեց Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակի պաշտօնը: