Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ քանի մը կրակոց արձակուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»` աւելցնելով, որ փամփուշտներէն մէկը դպած է անվտանգութեան անցակէտի պատուհանին:
Միջադէպին պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Թրքական ոստիկանութենէն յայտնած են, թէ միջադէպը տեղի ունեցած է առաւօտեան ժամը 5:00-ին: Կրակոցները արձակողները գտնուած են սպիտակ ինքնաշարժի մը մէջ, որով ալ դիմած են փախուստի:
Ոստիկանութիւնը անյայտ անձերուն նկատմամբ հետախուզում յայտարարած է:
Անգարայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դէմ յարձակումը տեղի ունեցած է Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ գերլարուած յարաբերութիւններու կացութեան մէջ: