Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ կրնայ դառնալ որեւէ պետութիւն, որ կը կիսէ կազմակերպութեան սկզբունքներն ու նպատակները: Այս մասին յայտարարած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով` շեշտելով, որ նոր անդամի ներգրաւումը տեղի կ՛ունենայ ԵՏՄ-ի բոլոր անդամներուն համաձայնութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Դեսպանը նշած է, թէ կարեւոր է, որ ԵՏՄ-ի անդամ դառնալու հետաքրքրութիւն ցուցաբերող երկիրը ինչպէ՞ս կը տեսնէ իր ազգային շահերը, ատիկա կը վերաբերի նաեւ Ազրպէյճանին:
«Ես կը կարծեմ, որ ատիկա կը վերաբերի նաեւ Ազրպէյճանին, սակայն հանրապետութեան ազգային շահերը կը գնահատուին Պաքուի մէջ: Եթէ կառոյցի անդամ դառնալու խնդրանք ըլլայ` ԵՏՄ-ի ծիրին մէջ պիտի քննարկուի համապատասխան մեքանիզմներու միջոցով, որոնք ամրագրուած են միութեան կանոնադրութեամբ», նշած է Պոչառնիքով:
Ռուսիոյ դեսպանը ընդգծած է, որ այս նիւթին վերաբերեալ յստակ որեւէ բան այժմ չի կրնար ըսել, սակայն ինք պիտի ողջունէր որեւէ քայլ, որ պիտի ամրապնդէր եւրասիական գօտիին մէջ տնտեսական փոխադարձ գործակցութիւնը: