Յունաստան յաջողութեամբ աւարտած է արտաքին ելեւմտական օժանդակութեան երրորդ ծրագիրը եւ դուրս եկած օտարերկրեայ վարկատուներու արտաքին կառավարումէն, որուն տակ կը գտնուէր 2010-էն ի վեր: Այս մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», ըսուած է Եւրոպայի կայունացման մեքանիզմի` Եւրոյի գօտիի կայունացման հիմնադրամի 20 օգոստոսին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Յունաստանը պաշտօնապէս աւարտեց ելեւմտական օգնութեան իր եռամեայ ծրագիրը` յաջողութեամբ դուրս գալով (ծրագիրի գործողութենէն): Այսօր մենք կրնանք վստահօրէն աւարտել Եւրոպայի կայունացման մեքանիզմի ծրագիրը` առանց փրկութեան լրացուցիչ նոր ծրագիրներու, որովհետեւ 2010 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Յունաստանը կրնայ կանգնիլ իր ոտքերուն վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպայի կայունացման ծրագիրի ծիրին մէջ երեք տարուան ընթացքին 61,9 միլիառ եւրօ յատկացուած է տնտեսական օգնութեան եւ յունական դրամատուներու վերաֆինանսաւորման համար: Անհրաժեշտ չէ եղած 24,1 միլիառ եւրօ յաւելեալ գումարը, որ Աթէնքին հասանելի էր այդ ծրագիրով: