Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Եւ Իրաք Կը Հրաժարին Տոլարով Երկկողմանի Առեւտուր Կատարելէ

Սեպտեմբեր 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան Կոչ Ուղղած Է Վերջ Տալու Համաշխարհային Առեւտուրին Մէջ Տոլարի Գերիշխանութեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ անհրաժեշտ է վերջ տալ համաշխարհային առեւտուրին մէջ տոլարի գերիշխանութեան:

Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան մասնաւորաբար նշած է, թէ համաշխարհային առեւտուրին մէջ տոլարէն կախուածութիւնը մեծ խնդիր դարձած է: Էրտողան մեկնաբանած է, որ անհրաժեշտ է աստիճանաբար դադրեցնել տոլարի մենաշնորհը` տեղական եւ ազգային դրամանիշեր օգտագործելով:

Օգոստոսի կէսերուն Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած էր, թէ իր երկիրը կը պատրաստուի Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի եւ Ուքրանիոյ հետ անցնելու ազգային դրամանիշով հաշուարկներ կատարելուն: Ան նաեւ նշած էր, որ պիտի ուզէր Եւրոպական Միութեան հետ եւրոյով հաշուարկներ կատարել:

Մինչ այդ, իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան-Իրաք առեւտրական պալատի նախագահ Եահիա Իսհաք յայտարարած է, թէ Իրանն ու Իրաքը հրաժարած են երկկողմանի առեւտրական համաձայնագիրներուն մէջ ամերիկեան տոլարի օգտագործումէն:

«Առեւտրական գործարքներ կատարելու ատեն ամերիկեան տոլարը բացառուած է Իրանի եւ Իրաքի կողմէ օգտագործուող դրամանիշերուն ցանկէն», ըսած է ան:

«Մեհր» կը նշէ, որ այժմ գործարքներ կնքելու ընթացքին երկիրները պիտի օգտագործեն իրանեան ռիալը, եւրոն եւ իրաքեան տինարը:

Իսհաք յայտարարած է, թէ Իրանի եւ Իրաքի միջեւ առեւտուրի մէկ մասը կ՛իրականացուի ապրանքը ապրանքով փոխանակելով: Միեւնոյն ժամանակ երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կը կազմէ 8 միլիառ տոլար, սակայն գործարքներու փոքր մասը միայն կը կատարուի դրամատուներու միջոցով:

 

Նախորդը

«Կազփրոմ» Աւարտած Է «Թրքական Հոսք»-ի 80 Առ Հարիւրի Կառուցումը

Յաջորդը

Ժիրինովսքի. «ՕԹԱՆ-ի Ինճիրլիք Ռազմակայանը Կրնայ Ռուսականի Վերածուիլ»

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?