Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, երկրին մէջ շարունակուող տնտեսական ճգնաժամին համար մեղադրած է արտաքին ուժերը, յատկապէս` Միացեալ Նահանգները:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը հաւաստած է, որ այդպիսի դժուարութիւններ չեն վախցներ զիրենք:
«Հիմա ալ անոնք կը փորձեն տնտեսութեան միջոցով մեզ նեղի մատնել: Ի հարկէ, Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ կան կառուցուածքային խնդիրներ, մենք այդ մասին գիտենք ու այժմ կ՛աշխատինք զանոնք սրբագրելու: Սակայն ճիշդ չէ վերջին շրջանին տեղի ունեցող իրադարձութիւնները վերը նշուած խնդիրներէն որեւէ մէկուն կապելը: Մեր ստեղծած հիմքերը ունակ են յաղթահարելու այս բոլորը, ունին անհրաժեշտ ուժը, եւ ես ատոր կը հաւատամ», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ գոյութիւն ունեցող սպառնալիքները Թուրքիան պիտի չստիպեն ետ կանգնիլ կամ վախնալ: Ըստ անոր, «անոնք» տակաւին լաւ չեն ճանչնար թուրքերը:
«Բոլորը պիտի տեսնեն, որ Թուրքիան այլընտրանք չունեցող երկիր չէ: Ոչ մէկ բառով կրնաս նկարագրել ըրածը երկիրի մը, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ հանդիսացող իր ռազմավարական գործընկերոջ հանդէպ այսպիսի մօտեցում կը ցուցաբերէ: Ես ասիկա շատ բացայայտ ու յստակ կ՛ըսեմ. այս սպառնալիքներով անկարելի է մեզի ստիպել ետքայլ ընել: Մենք ունինք այնպիսի պատմութիւն մը, որ այդպիսի սպառնալիքներով մեզի չեն կրնար վհատեցնել: Փաստօրէն, անոնք այս ժողովուրդը տակաւին չեն ճանչնար, պիտի ճանչնան: Մեզմէ մէկը կը մահանայ` փոխարէնը հազարը յարութիւն կ՛առնեն», յայտարարած է Էրտողան: