Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահին Ու Նախարարներու Հետ Հանդիպումին. Խամենէի. «Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւնը Մէկդի Պիտի Նետենք, Եթէ Չպահպանէ Մեր Շահերը»

Սեպտեմբեր 3, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սայետ Ալի Խամենէի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին ու նախարարաց խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ գործողութիւններու համապարփակ ծրագիրի համաձայնութիւնը մէկդի պիտի նետէ, եթէ չպահպանէ Իրանի շահերը:

Ան կոչ ուղղեց` Միացեալ Նահանգներուն համաձայնութենէն դուրս գալէն ետք, անոր փրկութեան համար յոյս չկապելու Եւրոպային:

Խամենէի ըսաւ, որ եւրոպացիները իրանեան կառավարութեան պաշտօնատարներուն վերաբերումէն պէտք է հասկնան, որ իրենց քայլերը համապատասխան հակազդեցութեան պիտի արժանանան:

Ան շեշտեց, որ Իրան ամերիկացի պաշտօնատարներուն հետ որեւէ մակարդակի պիտի չբանակցի` աւելցնելով, որ ամերիկացիք կ՛ուզեն Իրանի հետ բանակցիլ պարզապէս ըսելու համար, որ իրանցիներուն պարտադրեցին բանակցութեան սեղան նստիլ: Ան, սակայն, նշեց, որ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններն ու երկխօսութիւնը շարունակելու արգելք չկայ:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը նաեւ նշեց, որ հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահները մէկ օր առաջ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին Իրանի կարողութիւնն ու կայունութիւնը ցոյց տուած են:

Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երեքշաբթի օր խորհրդարանին մէջ պատասխանած էր երկրին տնտեսական կացութեան ու դրամանիշի արժեզրկման վերաբերեալ 80 երեսփոխաններու հարցումներուն:

Երէկ, կիրակի, իրանեան օդային պաշտպանութեան պատասխանատուներուն հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը դիտել տուաւ, որ պատերազմի հաւանականութիւն չկայ ներկայիս, բայց եւ այնպէս Իրան իր պաշտպանական համակարգը միշտ պատրաստ վիճակի մէջ պէտք է դնէ` թէ` մարդուժի, թէ սարքաւորումներու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Տերսիմ Հասած Քրտամէտ Կուսակցութեան Անդամներուն Արգիլուած Է Հրդեհի Գօտի Մուտք Գործել

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Թուրքիոյ Համար Առաջնահերթութիւն Է»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?