Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Պաղեստինցի Գաղթականներուն 300 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն Տրամադրել

September 3, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ դադրեցուցած են ՄԱԿ-ի գրասենեակին` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին տրամադրուող օգնութիւնը, որ նախատեսուած էր պաղեստինցի գաղթականներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը:

Կը նշուի, որ խօսքը կը վերաբերի 300 միլիոն տոլարի, որ Միացեալ Նահանգներ մերժած են վճարել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Միացեալ Նահանգներ «այլեւս պիտի չֆինանսաւորեն այդ անուղղելի սխալ գործողութիւնը»:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ներդրումները կը կազմէին ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պիւտճէի մինչեւ 30 առ հարիւրը: Տուեալ գործակալութիւնը կը զբաղի Այսրյորդանանի, Կազայի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակութեամբ:

Նշենք, որ այս մէկը Միացեալ Նահանգներու կողմէ պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուող օժանդակութեան կրճատման առաջին դէպքը չէ: Նախապէս Համաս շարժումի գործունէութեան պատճառով Միացեալ Նահանգներ ջնջած են Պաղեստինին տրամադրուող 200 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը:

Պաղեստինեան իշխանութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտայնա Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը «ծանր հարուած» նկատեց` պաղեստինցի ժողովուրդին ուղղուած: Անոր համաձայն, ՄԱԿ-ի որոշումներուն մարտահրաւէր հանդիսացող ամերիկեան այս քայլը իրականութենէն ոչինչ պիտի փոխէ, մանաւանդ որ ամերիկեան վարչակարգը այլեւս դերակատարութիւն չունի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ լուծման մասնակից չէ:

 

Նախորդը

Մաքրոն Անիմաստ Կը Գտնէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւնները. Անգարա Կը Պատասխանէ

Յաջորդը

«Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա Վեհաժողովը Ի Շահ Ամբողջ Տարածաշրջանին Է» Կ՛ըսէ Պաքու

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.