Միջազգային

«Իտլիպի Հարցը Մեղմ Ձեւով Լուծելու Բանալին  Կը Գտնուի Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Ձեռքը»  Կ՛ըսէ Տը Միսթուրա

«Իտլիպի Հարցը Մեղմ Ձեւով Լուծելու Բանալին Կը Գտնուի Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Ձեռքը» Կ՛ըսէ Տը Միսթուրա

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կոչ ուղղեց` կարելի ամէն բան ընելու Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ արիւնահեղութիւնը կանխարգիլելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը: Տը Միսթուրա նշած է, որ Իտլիպի գործողութիւնը, ըստ էութեան, 7-ամեայ սուրիական տագնապի վերջին լայնածաւալ ճակատամարտն է, որուն ողբերգական հետեւանքները պէտք...

«Թրամփ Այս Ամիս Իրանի Հարցով Ապահովութեան  Խորհուրդի Նիստի Պիտի Նախագահէ»  Ըսաւ Հէյլի

«Թրամփ Այս Ամիս Իրանի Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Պիտի Նախագահէ» Ըսաւ Հէյլի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի պիտի նախագահէ` նպատակ ունենալով քննարկել Թեհրանի կողմէ «միջազգային օրէնքի խախտումները»: ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Նիքի Հէյլի յայտնեց, որ նշեալ նիստը պիտի գումարուի այս ամիս` Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առիթով աշխարհի ղեկավարներու տարեկան հաւաքի ընթացքին: Ան նշեց, որ Թրամփ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին պիտի նախագահէ եւ քննարկէ...

Բրիտանիա Յայտնած Է Սքրիփալի  Թունաւորման  Համար Կասկածեալներուն Անունները.  Ռուսիա Արձագանգած Է

Բրիտանիա Յայտնած Է Սքրիփալի Թունաւորման Համար Կասկածեալներուն Անունները. Ռուսիա Արձագանգած Է

Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` գաղտանզերծելով ռուսական հետախուզութեան նախկին աշխատակից Սերկէյ Սքրիփալի եւ անոր դստեր` Եուլիայի թունաւորման հարցով երկու կասկածելիներու անունները` Ալեքսանտր Փեթրով եւ Ռուսլան Պոշիրով, որոնք Սքրիփալներուն դէմ յարձակումէն քանի մը օր առաջ «Աէրոֆլոթ»-ի թռիչքներէն մէկուն հետ Բրիտանիա հասած էին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով բրիտանական իշխանութիւններու յայտարարութիւնը, ըսաւ, որ այդ անունները Մոսկուային ոչինչ կ՛ըսեն: Բրիտանիոյ դատախազութեան ծառայութեան...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

- Պաղտատի մէջ Իրանի դեսպան Այրաժ Սաժետի իրաքեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` բողոքելու Իրանի իսլամական հանրապետութեան դէմ ամերիկեան միակողմանի պատժամիջոցներուն դէմ, որովհետեւ «այդ պատժամիջոցները վնաս պիտի պատճառեն իրաքցի ժողովուրդին»: «Իրաքեան կառավարութենէն մեր սպասումն է, որ բողոքէ ամերիկեան այս քայլին դէմ», ըսաւ ան: - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հերքեց «Վախ» գիրքին մէջ լրագրող Պոպ Վուտուըրտի կատարած այն պնդումը, թէ ինք Միացեալ...

«Միացեալ Նահանգներ Տոլարը Կ՛օգտագործեն  «Վատ» Պետութիւնները Պատժելու Համար»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Միացեալ Նահանգներ Տոլարը Կ՛օգտագործեն «Վատ» Պետութիւնները Պատժելու Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական պատկերասփիւռի առաջին կայանէն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց ազգային դրամանիշը կ՛օգտագործեն «վատ» պետութիւնները պատժելու համար: Լաւրովի կարծիքով` Միացեալ Նահանգներ տոլարին միջոցով ուզածին պէս կը շահագործեն, իսկ երբ կ՛ուզեն ոեւէ մէկը պատժել, զայն կ՛օգտագործեն իբրեւ ազդեցութեան լծակ: «Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս կը դադրեցնեն տոլարով որեւէ դրամատնային գործողութեան սպասարկումը: Ուաշինկթըն այդպէս կը վարուի ո՛չ միայն այն...

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  Իտլիպի Մէջ Մարդասիրական  Աղէտէ Կը Զգուշացնէ

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Իտլիպի Մէջ Մարդասիրական Աղէտէ Կը Զգուշացնէ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մասս զգուշացուց, որ մարդասիրական աղէտ պիտի յառաջանայ, եթէ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան Իտլիպ նահանգին դէմ նախատեսուող զինուորական յարձակումը շղթայազերծուի: Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Իտլիպի հարցը պիտի արծարծէ յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին: Մասս շեշտեց, որ իր երկիրը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Իտլիպի մէջ մարդասիրական աղէտի մը արգելք հանդիսանալու համար: Ան զգուշացուց, որ...

Միացեալ Նահանգներ «Ոտնձգութիւն»  Որակած Են  Ազովի Ծովի Եւ Քերչի Նեղուցին Մէջ  Ռուսիոյ Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներ «Ոտնձգութիւն» Որակած Են Ազովի Ծովի Եւ Քերչի Նեղուցին Մէջ Ռուսիոյ Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներ դատապարտած են Ազովի ծովուն եւ Քերչի նեղուցին մէջ միջազգային նաւերու նկատմամբ կատարուող գործողութիւնները` զանոնք որակելով «Ոտնձգութիւն»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը: Ուաշինկթըն յայտարարած է, որ այս մէկը յաւելեալ փաստ է, որ Մոսկուան կը փորձէ ապակայունացնել իրավիճակը Ուքրանիոյ մէջ: 30 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիան մեղադրած էր ապրիլէն հարիւրաւոր առեւտրական նաւերու տեղաշարժը խափանելու համար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին...

Քրեմլին. «Մոսկուան Փափաք Չունի  Եւրոպական Միութիւնը Քայքայելու»

Քրեմլին. «Մոսկուան Փափաք Չունի Եւրոպական Միութիւնը Քայքայելու»

Քրեմլին հերքած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այն պնդումը, թէ Ռուսիան կ՛ուզէ քայքայել Եւրոպական Միութիւնը: Մաքրոն յայտարարած էր. «Մոսկուան կ՛երազէ Եւրոպական Միութիւնը քայքայելու մասին»: Մաքրոն այդ մասին երկուշաբթի օր ըսած է Շուէտի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ես կը յարգեմ Փութինը եւ կ՛ուզեմ անվտանգութեան համակարգ ստեղծելու առումով համագործակցիլ անոր հետ, անհրաժեշտ է երկխօսութիւն կատարել Փութինի հետ, սակայն Փութին կ՛երազէ...

Չինաստան Սկսած Է Աֆղանիստանի Մէջ Առաջին  Ռազմակայանի Կառուցման Աշխատանքներուն

Չինաստան Սկսած Է Աֆղանիստանի Մէջ Առաջին Ռազմակայանի Կառուցման Աշխատանքներուն

Աֆղանիստանի հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով համագործակցութեան ծիրին մէջ Չինաստանը աֆղանական Պատախշան նահանգին մէջ սկսած է կառուցելու երկրին մէջ իր առաջին ռազմաուսումնական ռազմակայանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» օրաթերթը: Կը հաղորդուի, որ Փեքին մտադիր է զէնքով ու զինամթերքով առնուազն մէկ գումարտակ ուղարկել Պատախշան` աֆղան մասնագէտները վերապատրաստելու համար: Կը նշուի, որ Չինաստան առաջին անգամ իր զինուորական ներկայութիւնը կը...

Թեւաւոր Հրթիռներով Զինուած Ամերիկեան  Սուզանաւ Մը Մուտք Գործած Է Միջերկրական Ծով

Թեւաւոր Հրթիռներով Զինուած Ամերիկեան Սուզանաւ Մը Մուտք Գործած Է Միջերկրական Ծով

Ամերիկեան հիւլէական ուժով բանող «Նիւ Փորթ Նիուզ» սուզանաւը Ժիպրալթարի նեղուցի ճամբով մուտք գործած է Միջերկրական ծով: «Ժիպրալթար Քրոնիլըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նշեալ սուզանաւը «Լոս Անճելոս» տիպի է եւ զինուած է «Թոմահոք» տիպի թեւաւոր հրթիռներով: Սուզանաւը նախորդ շաբաթ նշմարուած է Ժիպրալթարի նաւահանգիստի շրջանին մէջ, եւ երբ սպանական եզերապահ նաւ մը փորձած է անոր մօտենալ, Ժիպրալթարի ոստիկանութիւնը անոր ճամբան փակած է...

Իրանի Գաղտնի Սպասարկութիւնները  Տասնեակ Մը Լրտեսներ Ձերբակալած Են

Իրանի Գաղտնի Սպասարկութիւնները Տասնեակ Մը Լրտեսներ Ձերբակալած Են

Իրանի գաղտնի սպասարկութիւնները տասնեակ մը լրտեսներ ձերբակալած են: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է երկրի տեղեկատուութեան նախարար Մահմուտ Ալաւի: «Ես պարբերաբար պահանջած եմ մեզի հաղորդել երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձերու մասին: Հակահետախուզութիւնը բաւական յաջող էր, յաջողած ենք տարբեր կառոյցներու մէջ բացայայտել ու ձերբակալել տասնեակ մը լրտեսներ», յայտնած է նախարարը` չնշելով, սակայն, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ ժամանակահատուածի մէջ...

Իսրայէլեան Հրթիռային  Նոր Յարձակումներ` Թարթուսի  Եւ Համայի Մէջ Դիրքերու Վրայ. Ռուսական Տուման Կը Դատապարտէ

Իսրայէլեան Հրթիռային Նոր Յարձակումներ` Թարթուսի Եւ Համայի Մէջ Դիրքերու Վրայ. Ռուսական Տուման Կը Դատապարտէ

Երէկ սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Համայի գիւղական Ուատի Ույուն շրջանին մէջ պայթումներու ձայներ լսուած են: Սուրիոյ մէջ «Նաշրա» կայքի թղթակիցը տեղեկացուց, որ Միջերկրական ծովէն արձակուած հրթիռները անցած են Թարթուս քաղաքին վրայէն եւ ինկած Ուատի Ույունի մէջ: Հաղորդուեցաւ, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը հակազդած են Լիբանանի տարածքէն իսրայէլեան օդուժին արձակած հրթիռներուն, ինչպէս նաեւ ծովէն արձակուած հրթիռներուն: Անոնցմէ ոմանք վար...

Թրամփ Մեկնաբանած Է Հաւանականութիւնը`  Քերիի Նախագահական Ընտրութեան Մասնակցելու

«Ռուսերն Ու Իրանցիները Լուրջ Սխալ Կը Գործեն, Եթէ Աջակցին Իտլիպի Դէմ Յարձակումին» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ռուսիան եւ Իրանը կրնան «լուրջ սխալ» գործել, եթէ աջակցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` Իտլիպ նահանգին դէմ «անխոհեմ» յարձակումին: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ իր կատարած գրառումին մէջ ընդգծեց, որ Ասատ պէտք չէ «անմտօրէն» յարձակում գործէ Իտլիպի դէմ: «Նախագահ Ասատ պէտք չէ անմտաբար յարձակում գործէ Իտլիպ նահանգին դէմ: Ռուսերն ու իրանցիները մարդասիրական լուրջ սխալ պիտի գործեն,...

«Իտլիպի Դէմ Յարձակումին Ժամկէտը Պիտի Ճշդեն  Սուրիոյ Կառավարութիւնն Ու Ռուսիոյ Եւ Սուրիոյ  Պաշտպանութեան Նախարարութիւնները»  Կ՛ըսէ Սիրոմոլոթով

«Իտլիպի Դէմ Յարձակումին Ժամկէտը Պիտի Ճշդեն Սուրիոյ Կառավարութիւնն Ու Ռուսիոյ Եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնները» Կ՛ըսէ Սիրոմոլոթով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութեան ժամկէտը պիտի ճշդեն սուրիական կառավարութիւնն ու Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները: Սիրոմոլոթով Մոսկուայի մէջ զէնքերու` ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքը անցնելուն դէմ պայքարին նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Ռուսիա կը նախընտրէ, որ Իտլիպի մէջ ճակատամարտեր տեղի չունենան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր...

Ալիեւ. «Մինչեւ Հիմա Ազրպէյճանի  Գնած Ռուսական  Սպառազինութեան Արժէքը Աւելի  Քան 5 Միլիառ Տոլար Է»

Ալիեւ. «Մինչեւ Հիմա Ազրպէյճանի Գնած Ռուսական Սպառազինութեան Արժէքը Աւելի Քան 5 Միլիառ Տոլար Է»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց. «Մինչեւ հիմա Ազրպէյճանի գնած ռուսական սպառազինութեան արժէքը աւելի քան 5 միլիառ տոլար է»: Ան նշեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Ռուսիայէն զէնքեր եւ սպառազինութիւն ներածել: Մինչ այդ, ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի հաշուեքննիչ պալատի «2018 թուականի յունուար-յունիս ամիսներու հիմնական մաքրոտնտեսական ցուցանիշներու վերլուծութիւնը եւ պիւտճէի չափորոշիչները» խորագրեալ փաստաթուղթին համաձայն, Ազրպէյճանի պետական պարտքը գերազանցած է...

Իսրայէլ Կրնայ Իրաքի Մէջ Իրանեան Թիրախներ Հարուածել

Իսրայէլ կը մերժէ բացառել Իրաքի տարածքին իրանեան զինուորական թիրախներուն օդային հարուածներ հասցնելու կարելիութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը: Վերջին տարիներուն Իսրայէլ քանի մը անգամ հարուածած է Սուրիոյ մէջ իրանեան դիրքեր: «Մենք մնայուն կերպով կը հետեւինք Սուրիոյ զարգացումներուն, ներառեալ` իրանեան սպառնալիքին, մենք մեր գործողութիւնները պիտի չսահմանափակենք միայն Սուրիոյ տարածքով, ատիկա պէտք է բոլորին համար յստակ ըլլայ», ըսած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար...

Մահացած Է Աֆղանիստանի Ամէնէն Վտանգաւոր  Զինեալ Խմբաւորումներէն Մէկուն Հիմնադիրը

Մահացած Է Աֆղանիստանի Ամէնէն Վտանգաւոր Զինեալ Խմբաւորումներէն Մէկուն Հիմնադիրը

Մահացած է Աֆղանիստանի ամէնէն վտանգաւոր զինեալ խմբաւորումներէն մէկուն` Հաքանի ցանցի հիմնադիրը: «Ազատութիւն»-ը կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ յայտարարեց ցանցի դաշնակից` աֆղանական Թալեպան շարժումը: Թալեպան շարժումը «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսուած է` Ճալալուտտին Հաքանին, որուն որդին հիմա կը գլխաւորէ զինեալ խմբաւորումը եւ նոյն ատեն Թալեպանի ղեկավարի տեղակալն է, մահացած է երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:  

Թրամփ Մեկնաբանած Է Հաւանականութիւնը`  Քերիի Նախագահական Ընտրութեան Մասնակցելու

Թրամփ Մեկնաբանած Է Հաւանականութիւնը` Քերիի Նախագահական Ընտրութեան Մասնակցելու

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ բախտաւոր պիտի ըլլայ, եթէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճոն Քերրի մասնակցի 2020 թուականի նախագահական ընտրապայքարին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին ան գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Ես կը տեսնեմ, որ Ճոն Քերին` Իրանի հետ ջնջուած գործարքի հեղինակը, կը մտածէ նախագահութեան համար պայքարելու մասին: Շատ բախտաւոր պիտի ըլլամ, այդ պարագային կացութիւնը...

Ըստ «Ճումհուրիեթ»-ին.  Թուրքիան Կրնայ Անակնկալ Կերպով Ազատ  Արձակել Ամերիկացի Պատուելին

Ըստ «Ճումհուրիեթ»-ին. Թուրքիան Կրնայ Անակնկալ Կերպով Ազատ Արձակել Ամերիկացի Պատուելին

Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ մնալ շարունակող ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսըն կրնայ շուտով ազատ արձակուիլ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթի թղթակիցներէն Տույկու Կիւվենչ` վկայակոչելով կառավարութեան մէջ իր աղբիւրը: Ըստ ստացուած տեղեկութեան, Պրանսըն կրնայ ազատ արձակուիլ այս տարուան 12 հոկտեմբերին: Կիւվենչի համաձայն, Անգարա կ՛ուզէ թօթափել լարուածութիւնն ու նոր էջ բանալ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Աւելի՛ն` վերջերս անսպասելիօրէն երկու յոյն զինուորները...

Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա Վեհաժողովէն  Քանի Մը Օր Առաջ Դամասկոս Այցելելով.  «Սուրիոյ Իտլիպ Նահանգը Պէտք Է  Ձերբազատել Զինեալներէն»  Ըսաւ Զարիֆ

Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա Վեհաժողովէն Քանի Մը Օր Առաջ Դամասկոս Այցելելով. «Սուրիոյ Իտլիպ Նահանգը Պէտք Է Ձերբազատել Զինեալներէն» Ըսաւ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Պէտք է սուրիական բոլոր հողերը պահպանել, եւ բոլոր համայնքներն ու խմբաւորումները պէտք է միասնաբար սկսին վերաշինութեան փուլը, իսկ տեղահանուածները վերադառնան իրենց ընտանիքներուն»: «Ահաբեկիչները պէտք է վտարել Իտլիպի մէջ մնացած գօտիներէն եւ շրջանը դնել սուրիացի ժողովուրդի վերահսկողութեան տակ», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Դամասկոս այցելեց...

Page 583 of 884 1 … 582 583 584 … 884

Արխիւներ