Յորդանանի փոխադրամիջոցներու նախարար Ուալիտ Մասրի իր սուրիացի պաշտօնակից Ալի Համուտը հրաւիրեց Ամման` պաշտօնական այցելութեան:
Հրաւէրը յղուած է յորդանանեսուրիական փոխադրութեան ընկերութեան կանոնագրութիւնը բարեփոխելու, անոր կացութիւնը քննարկելու եւ անհրաժեշտ որոշումները որդեգրելու նպատակով ընդհանուր ժողով գումարելու համար:



