Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն մտադիր է Սէուտական Արաբիոյ ամուր գործընկերը մնալ, «հակառակ անոր որ շատ հաւանական է, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը տեղեակ էր սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութենէն»: Ըստ անոր, «Սի.Այ..Էյ.»-ը Խաշոկճիի սպանութեան հարցին վերաբերեալ 100 տոկոսով հաստատ եզրակացութեան չէ յանգած:
Թրամփ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Քոնկրեսը ազատ է Սէուտական Արաբիոյ հարցով այլ ուղղութեամբ ընթանալու, սակայն ինք նկատի պիտի ունենայ միայն այն գաղափարները, որոնք համահունչ են ամերիկեան անվտանգութեան` երաշխաւորելու համար Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ շրջանային գործընկերներու շահերը:
Ան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ պաշտպանողական մարզի համաձայնագիրները ջնջելը անմտութիւն է, որմէ պիտի օգտուին Ռուսիան եւ Չինաստանը: «Անոր դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելը պիտի նշանակէ երկրորդ դիրքի մղել Ամերիկայի շահը: Յիշեցէ՛ք` Ամերիկան առաջնահերթ է: Եթէ պատժամիջոցներ կիրարկենք, Ռուսիան եւ Չինաստանը պիտի սողոսկեն եւ իրենք վերցնեն Սէուտական Արաբիոյ ներդրումները: Չեմ պատրաստուիր հարիւր միլիառաւոր տոլարները զիջելու Ռուսիոյ, Չինաստանին կամ որեւէ այլ երկրի: Նա՛խ Ամերիկան»:
«Այժմ սեղանի վրայ դրուած են մեծագումար ներդրումներ, որոնք Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներու մէջ 400 միլիառ տոլարնոց ներդրումային ծրագիրին մաս կը կազմեն: Անոնք մեզի 400 միլիառ տոլար կը վճարեն, ատիկա հաւանաբար երբեւիցէ Միացեալ Նահանգներուն վճարուած մեծագոյն գումարն է: Եթէ կը կարծէք, որ պիտի արտօնեմ, որ զէնքի վաճառքի միլիառները երթան Ռուսիա կամ Չինաստան, ապա կը սխալիք: Ատիկա մեծ նուէր պիտի ըլլայ անոնց համար, սակայն անոնք այդ նուէրը պիտի չստանան», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Թրամփ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ կարծր դիրքորոշում որդեգրելով պիտի չքանդէ միջազգային տնտեսութիւնը, եւ քարիւղի գիները կը բարձրանան` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ հանդիպում պիտի ունենայ, եթէ ան ներկայ գտնուի Արժանթինի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին: «Սէուտական Արաբիան քարիւղի գիները ցած պահելու մէջ օգնեց Միացեալ Նահանգներուն», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, հանրապետական Լինտսի Կրահամ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դէմ պատժամիջոցները Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններէն ուժեղ զօրակցութիւն պիտի ստանան` աւելցնելով, որ այդ պատժամիջոցները պէտք է ներառեն արքայական տոհմէն առնչակից անձեր:
Հանրապետական ծերակուտական Ռանտ Փոլ իր կարգին յայտնեց. «Վստահ եմ, որ Թրամփի հաղորդագրութիւնը Սէուտական Արաբիան նկատեց առաջնահերթ եւ ոչ թէ Ամերիկան»:
«Պիտի շարունակեմ ճնշում բանեցնել որդեգրելու համար Սէուտական Արաբիոյ զէնքերու վաճառքն ու Եմէնի մէջ պատերազմը դադրեցնելու օրէնքը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Առնուազն մեր արդիական զէնքերով պէտք չէ վարձատրենք Սէուտական Արաբիան ընդդէմ Եմէնի»:
Ծերակուտական Պըռնի Սենտըրզ իր կարգին յայտնեց. «Նախագահ Թրամփ անկապ եւ ստապատիր հաղորդագրութեամբ մը փորձեց պաշտպանել սէուտական բռնապետական վարչակարգը»:
Ծերակոյտի արդարադատական հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ Տայան Ֆայնշթայն իր կարգին ըսաւ. «Ցնցուեցայ լսելով նախագահին խօսքը, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին դէմ որեւէ պատժամիջոց պիտի չորդեգրուի: Իրականութիւնը յստակ է. Խաշոկճին սպաննուեցաւ հիւպատոսարանին մէջ` սէուտական կառավարութեան գործակալներուն ձեռամբ: Միացեալ Նահանգներ պէտք է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին մտածեն»:
«Թրամփ Իրանը պատասխանատու նկատեց Եմէնի մէջ աղէտալի պատերազմին համար, հակառակ այն իրողութեան, որ սէուտական դաշինքը պատճառ դարձաւ քանդումին», ըսաւ ան:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը խմբագրականով մը յայտնեց, թէ Թրամփ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին վրայ վատ գրաւ դնելով դաւաճանած է ամերիկեան արժէքներուն` ընդգծելով, որ Թրամփ «վայրագ եւ անպատասխանատու» ղեկավարի մը հետ իր կապերը կ՛արդարացնէ` անտեսելով «Սի.Այ.Էյ.»-ի եզրակացութիւնը:
Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը գրեց, որ Թրամփ այս յայտարարութեամբ ցոյց տուաւ, թէ ամբողջովին կ՛արհամարհէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի այն եզրակացութիւնը, որ Խաշոկճիի սպանութեան պատուիրատուն ամենայն հաւանականութեամբ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգն է:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով նշեց. «Պարոն Թրամփ զարմանալիօրէն սէուտական բռնարարքներու վերաբերեալ իր ամօթալի հաղորդագրութեան առաջին պարբերութիւնը յատկացուցած է Իրանը իր մտքէն անցած ամէն տեսակի չարագործութեամբ ամբաստանելու: Թերեւս նաեւ պատասխանատու ենք Քալիֆորնիոյ վերջին հրդեհներուն համար»:
 
			


