Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթ երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները, Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան ապագան, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումները:
Նախքան Իրան ուղղուիլը, Հանթ յայտարարեց. «Իրանեան հիւլէական գործարքը կը մնայ Միջին Արեւելքի կայունութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը, որ կը բացառէ Իրանի հիւլէականացման սպառնալիքը»:
Ան ըսաւ, թէ համաձայնագիրի պահպանման համար անհրաժեշտ է անոր կէտերուն «հարիւր առ հարիւր իրագործումը»:
Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ Բրիտանիան «իր կողմէ գործարքին պիտի հետեւի այնքան ժամանակ, որ ատիկա տակաւին կ՛ընէ Իրանը»:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ ձախողեցան իրանեան քարիւղի արտածումները դադրեցնել, եւ Թեհրան պիտի շարունակէ իր քարիւղը արտածել:
Ռուհանի նշեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի զարգացնելու իր յարաբերութիւնները Իրաքի, Թուրքիոյ եւ դրացի բոլոր երկիրներուն հետ` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու միջինարեւելեան քաղաքականութիւնը` Սուրիայէն մինչեւ Եմէն, «ձախողեցաւ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Թեհրան կը շարունակէ հաւատալ հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը փրկելու Եւրոպայի կարողութեան` աւելցնելով, որ Իրան մինչեւ վերջ յանձնառու պիտի մնայ համաձայնագիրին, այնքան ատեն, որ առնչակից միւս կողմերը ատոր յանձնառու կը մնան, եւ նշեց, որ բոլոր ընտրանքները դրուած են սեղանի վրայ:



