Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն 20 Նոյեմբերին Պիտի Յայտնէ Պատուիրատուին Անունը. Թրամփ. «Մոհամետ Պըն Սալման Ինծի Ըսաւ, Թէ Խաշոկճիի Սպանութեան Հետ Կապ Չունի»

November 19, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի չարչարանքի ենթարկման ձայնագրութիւնները ունինք, եւ զայն լսելու պատճառ մը չկայ, որովհետեւ չարչարանքի ձայնագրութիւն մըն է եւ ահաւոր է»:

«Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանը անգամ մը եւս ինծի յայտնեց, որ Խաշոկճիի սպանութեան հետ կապ չունի եւ քանի մը օր առաջ անգամ մը եւս ատիկա նշեց», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. «Չեմ գիտեր, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը ինծի սո՞ւտ խօսեցաւ, թէ՞ չէ, եւ ոչ ոք գիտէ»:

«Կան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին մօտիկ անձեր, որոնք կրնան մեղսակից ըլլալ Խաշոկճիի սպանութեան», նշեց ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ ընդգծեց. «Դաշնակից մը ունինք, եւ կ՛ուզեմ կառչած մնալ այդ դաշնակիցին, որ մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ շատ լաւ էր»:

Նախքան այդ, Թրամփ Քալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներու պատճառած վնասները զննելու ընթացքին լրագրողներուն յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին պիտի ճշդեն, թէ ո՛վ սպաննած է սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճին»:

«Տեղի ունեցած է սարսափելի բան` լրագրողի սպանութիւն: Մենք յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին` հաւանաբար երկուշաբթի կամ երեքշաբթի, պիտի ունենանք ամբողջական զեկուցում», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` ընդգծելով, որ ամերիկեան կողմը զեկուցումին մէջ պիտի յայտնէ նաեւ սպանութեան հրամանը տուող անձին անունը:

Ան նաեւ հաստատած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնին հետ ունեցած է զրոյց մը այն տեղեկութեան վերաբերեալ, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ը յանգած է այն եզրակացութեան, թէ Խաշոկճիի սպանութեան հրամանը անձամբ տուած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը:

Թրամփ նշեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի առաջադրած վարկածը տակաւին «շատ նախնական է», եւ այդ հարցին մէջ եզրակացութիւններ կատարելու համար տակաւին կանուխ է:

Նախորդը

«Մեր Օրակարգին Վրայ Կիւլենը Թուրքիոյ Արտայանձնելու Նման Հարց Չկայ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.