Պիելոռուսիան եւ Ազրպէյճանը պիելոռուսական սպառազինութեան հերթական քանակի մատակարարման շուրջ համաձայնագիր մը կը պատրաստեն: Պիելոռուսական «Պելթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին Մինսքի մէջ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ բանակցութիւններէ ետք լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Երէկ երկու երկիրներու ղեկավարներու բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է Պիելոռուսիոյ պետական ռազմաարդիւնաբերական կոմիտէի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ` սպառազինութեան մատակարարման ոլորտին մէջ երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ:
«Ամէնէն կարճ ժամկէտին մէջ ատիկա պիտի վերածուի համաձայնագիրի` Պիելոռուսիայէն սպառազինութեան հերթական քանակի ձեռքբերման համար», ըսած է Ալիեւ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Լուքաշենքօ Ալիեւի հետ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններու ընթացքին յայտարարած է, թէ Մինսքն ու Պաքուն մտադիր են «միասնաբար իւրացնել երրորդ երկիրներու շուկաները»: Լուքաշենքօ ընդգծած է, որ երկու երկիրները ընդլայնուած արտադրական համագործակցութեան համար անհրաժեշտ հիմք ունին: Այս ծիրին մէջ Պիելոռուսիոյ ղեկավարը նշած է, որ Գանձակի մէջ արդէն հաւաքուած է աւելի քան 10 հազար պիելոռուսական քարշակ եւ 3500 ինքնաշարժներու կտորներ: Ան մանրամասնած է, որ արդէն գրեթէ պատրաստ է Թուրքիոյ մէջ Մինսքի եւ Գանձակի գործարաններու մասնակցութեամբ քարշակներու արտադրութեան նախագիծը:
Բացի ատկէ, Լուքաշենքօ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է. «Ազրպէյճանը Պիելոռուսիոյ համար եղած է եւ կը շարունակէ մնալ յուսալի ռազմավարական գործընկեր»: Պիելոռուսիոյ ղեկավարը ընդգծած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ համագործակցութեան համար փակ նիւթեր չկան:
Ան նաեւ ըսած է, թէ` «Պիելոռուսիան կը սպասէր ձեզ: Մենք շատոնց կը սպասէինք ասոր»` ընդգծելով, որ Պիելոռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանը կը նկատեն «շատ բարեկամական, եղբայրական երկիր, որուն հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատուած են ամէնէն տարբեր մակարդակներուն վրայ»:



