Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Իսրայէլի դեսպաններու խորհրդաժողով»-ի ընթացքին յայտնեց. «Այն ինչոր ներկայիս տեղի կ՛ունենայ այն է, որ արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին մէջ ենք, առանց, որ պաղեստինցիներուն հետ քաղաքական հոլովոյթին մէջ յառաջդիմութիւն ըլլայ»:
«Արաբական երկիրները ուժեղին հետ յարաբերութիւններ կ՛ուզեն», ըսաւ ան:
«Շօշափելի փոփոխութիւն կայ: Ներկայիս Իսրայէլեան ընկերութիւններու եւ արաբական աշխարհի միջեւ յարաբերութիւններ կը ստեղծուին: Արաբական աշխարհը ջուրի, ելեկտրականութեան, առողջապահութեան եւ զարգացած ճարտարագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ զարգացման ու ճարտարագիտութեան կարիքը ունի», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը:



