Տեղեկութեան փոխանցման ու վճարումներու կատարման ծառայութիւններ տրամադրող ՍՈՒԻՖԹ ընկերութիւնը իր համակարգէն անջատած է Իրանի կեդրոնական դրամատունն ու այլ ելեւմտական հաստատութիւնները: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարար Սիկալ Մանտըլքերը:
«Մենք հաւատացած ենք, որ ՍՈՒԻՖԹ-ը ճիշդ որոշում տուած է: Իրա՛ն, դուն տակաւին մեզմէ շատ բան պիտի տեսնես», ըսած է պաշտօնատարը` նկատի ունենալով Ուաշինկթընի կողմէ սահմանուելիք պատժամիջոցները:
Կը նշուի, որ ՍՈՒԻՖԹ-էն անջատուելու փաստը յաւելեալ խոչընդոտներ պիտի ստեղծէ Իրանի համար արտածման վճարումները ստանալու եւ ներածման վճարումները կատարելու համար:
Ընկերութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ 12 նոյեմբերին պիտի անջատէ շարք մը իրանեան դրամատուներու միացումը տուեալներու փոխանակման իր համակարգին:
Որոշումը տրուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ առաջինիս հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած պատմական համաձայնագիրէն դուրս գալու եւ Թեհրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանելու լոյսին տակ:
Տեղեկութեան փոխանցման ու վճարումներու իրականացման ՍՈՒԻՖԹ միջազգային միջդրամատնային համակարգը համահիմնադրած է աշխարհի 19 երկիրներէ 248 դրամատուն:



