Բրիտանական «Միտըլ Իսթ Այ» կայքը, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրի մը, հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը կը ծրագրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հովանաւորութեամբ վեհաժողով մը գումարել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` «ինքզինք իբրեւ խաղաղութիւն հաստատող ներկայացնելու համար»:
Կայքը նշեց. «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը լրջօրէն կը փորձէ փոխել խաղի կանոնները եւ գումարել Քեմփ Տէյվիտի նման ժողով մը` հովանաւորութեամբ Թրամփի, եւ վերածուիլ խաղաղութեան խորհրդանիշներէն մէկը` ճիշդ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Անուար Սատաթի նման, որ 1978-ին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըրի հովանաւորութեամբ ժողովի ընթացքին ձեռնուեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Մենահիմ Պեկինի հետ»:



