Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Սպասուող Զինուորական Գործողութիւնը Քննարկեցի Թրամփի Հետ, Եւ Անոր Պատասխանը Դրական Էր»

December 18, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ սպառնաց Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող քիւրտերուն դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծել` ընդգծելով. «Որեւէ պահու կրնանք Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն դէմ յարձակում գործել»: Ան աւելցուց, որ այդ գործողութիւնը այնպիսի ձեւով պիտի կատարուի, որ ամերիկացի զինուորները չվնասուին:

«Եթէ ահաբեկիչները Եփրատի արեւելեան ափէն չհեռանան, մենք զանոնք պիտի մղենք հեռանալու», ըսաւ ան:

«Ամերիկայի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը կը պահանջէ ահաբեկչական խմբաւորումները վտարել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափէն», յայտնեց Էրտողան` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ սպասուող թրքական զինուորական գործողութիւնը քննարկեցի Թրամփի հետ, եւ անոր պատասխանը դրական էր»:

«Սուրիոյ մէջ այլեւս ՏԱՀԵՇ-ը չկայ: Անիկա իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործուի: Մենք պիտի չարտօնենք այնտեղ ահաբեկչական միջանցք ստեղծել: Մենք Սուրիոյ մէջ երեք արշաւ կատարած ենք, այժմ կարգը հասած է Եփրատի արեւելեան շրջանին: Կը դիմեմ անոնց, որոնք կը պաշտպանեն Եփրատի արեւելքը գործող ահաբեկիչները. դուք սխալ կ՛ընէք, հրաժարեցէ՛ք ատկէ», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

Սոյլու. «Ուաշինկթըն Կը Փորձէ Մեզ Պաշարման Ենթարկել Եփրատի Արեւելեան Ափին Մէջ, Սակայն Թուրքիան Երբեք Ատիկա Պիտի Չարտօնէ»

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտնեց. «Թուրքիան Սուրիոյ մէջ «Եփրատի վահան» եւ «ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները գործադրեց առանձին` հաշուի չառնելով Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութիւնը»:

«Թուրքիան «Եփրատի վահան» եւ «ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները կատարելու համար Ուաշինկթընէն հրաման չստացաւ», ըսաւ ան:

«Թուրքիան «ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը գործադրեց` հակառակ Միացեալ Նահանգներու ընդդիմութեան եւ արձակած սպառնալիքներուն», աւելցուց Սոյլու:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ փորձեցին Հիւսիսային Իրաքի, ապա Աֆրինի մէջ Թուրքիան պաշարել, իսկ այժմ կը փորձեն մեզ պաշարման ենթարկել Եփրատի արեւելեան ափին մէջ, սակայն Թուրքիան ատիկա երբեք չէ արտօնած եւ պիտի չարտօնէ»:

 

Նախորդը

Ռիատ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Վերջին Որոշումները Կը Նկատէ Իր Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւն

Յաջորդը

«Արաբական Երկիրներու Հետ Յարաբերութիւնները Կը Բնականոնացնենք, Առանց Պաղեստինցիներուն Հետ Բանակցութեան Մէջ Յառաջընթացի» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

RelatedPosts

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր
Միջազգային

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 8, 2026
Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.