Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը` 60-100 Օրէն. Ուաշինկթըն. «ՏԱՀԵՇ Պարտուեցաւ, Սկսանք Մեր Ուժերը Հեռացնել Սուրիայէն»

December 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ «ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարը ամերիկեան ուժերուն Սուրիա մնալուն միակ նպատակն էր»` աւելցնելով, որ Ամերիկան Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պարտութեամբ իր նպատակը իրագործած է:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաները 24 ժամուան մէջ հեռացնելու մասին:

Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ պարտութեան մատնած են ՏԱՀԵՇ-ը, սակայն այդ իրողութիւնը չ՛ազդեր Միջազգային դաշինքին կամ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անոր պայքարին վրայ:

«Ամերիկեան ուժերը սկսանք վերադարձնել մեր երկիր` (ՏԱՀԵՇ-ի դէմ) արշաւի երկրորդ երեսի ծիրին մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները պատրաստ են բոլոր մակարդակներուն վրայ աշխատելու ամերիկեան շահերը պաշտպանելու համար` հոն ուր պէտք է` ընդգծելով, որ միացեալ աշխատանքը կը շարունակուի ծայրայեղ իսլամական ահաբեկիչները հաստատման վայրէ, ինքնաֆինանսաւորումէ ու աջակցութենէ, ինչպէս նաեւ մեր սահմանները կտրելու որեւէ միջոցէ զրկելու համար:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն պիտի հեռանան, երբ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութեան վերջին փուլը աւարտի, եւ կը նախատեսուի, որ Սուրիայէն հեռացումը տեղի ունենայ 60-100 օրէն:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիայէն հեռանալու պաշտօնական որոշումը կրնայ այսօր (երէկ, «Ա.») որդեգրուիլ, սակայն Փենթակոնի ղեկավարութիւնը կը փորձէ Թրամփը տարհամոզել: Վերջինս իր զինուորական ղեկավարութիւնը զգուշացուցած է հիւսիսային Սուրիա թրքական ներխուժումին ամերիկեան ուժերուն համար ներկայացուցած վտանգէն:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը արեւելեան Սուրիայէն հեռանալու ամերիկեան անակնկալ քայլը կը նկատեն «թիկունքէն դաշոյնի հարուած մը»:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Թուրքիոյ «Փաթրիոթ»-ներ Վաճառելուն

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետը Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթներով Կ՛այցելէ Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցի Տարեցներուն

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.