Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Մէջ Էրտողան-Ռուհանի Հանդիպում

December 22, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Պիտի Շարունակենք Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Անվտանգութեան Համար Գործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ Անգարայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման համար լաւ ենթահող ապահովուած է` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը շարունակէ Իրանի հետ յարաբերութիւնները խորացնել:

Ռուհանի իր կարգին յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան զարգացման դիմաց արգելքները ջնջելու շուրջ` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն ուրիշները կը զգուշացնէ Իրանի մէջ ներդրում կատարելէ, ինչ որ կը հակասէ միջազգային որոշումներուն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահին ու կառավարութեան` ամերիկեան միակողմանի եւ ապօրինի պատժամիջոցներուն դէմ անոնց վճռական կեցուածքին համար:

Ռուհանի յայտնեց, որ Իրանն ու Թուրքիան կրնան Ասիան եւ Եւրոպան ամբողջական կերպով իրարու կապել, ինչպէս նաեւ Ասիոյ արեւելքը, արեւմուտքը, հիւսիսն ու հարաւը:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, Իրանի նախագահը յայտնեց, որ երկու կողմերը կը շարունակեն Ասթանայի հոլովոյթին ծիրին մէջ իրենց գործակցութիւնը` նշելով. «Այսօր համաձայնութիւն գոյացուցինք (Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր) երեք երկիրներու յաջորդ ժողովը գումարելու Ռուսիոյ մէջ»:

«Սուրիոյ հարցը մեզի համար կարեւոր է… եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պէտք է բոլորին կողմէ յարգուի… այս առումով երկու երկիրներուն տեսակէտները ամբողջովին համահունչ են, եւ պիտի շարունակենք շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար մեր գործակցութիւնը», ըսաւ Իրանի նախագահը:

Նշենք, որ Ռուհանի Թուրքիա այցելեց մասնակցելու համար Ռազմավարական գործակցութեան թուրք-իրանեան բարձրագոյն խորհուրդի նիստին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտարարեց. «Իրան վճռակամ է Թուրքիոյ հետ աշխատանք տանելու` շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար»:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով Կ՛այցելէ Ազունիէի Ազգային Բուժարան Եւ «Թռչնոց Բոյն»

Յաջորդը

«Մոսկուա Տակաւին Չի Հասկնար, Թէ Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Ե՞րբ, Ինչպէ՞ս Եւ Դէպի Ո՞ւր Պիտի Հեռանան» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.