Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Ժամանակն Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Ուրիշներ Կռուին ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ»

December 21, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զինուորական Սարքերով Բեռնաւորուած Ամերիկեան Բեռնակառքեր Կը Հեռանան Մընպեժի Շրջանէն

Քրտական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը հեռացած են Մընպեժի արեւելքը գտնուող Շույուխ ու Թել Ապիատ քաղաքի մօտ գտնուող Աշեք գիւղերէն եւ ուղղուած Ռաքքայի Այն Իսա քաղաքին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայան:

Աղբիւրը աւելցուց, որ ֆրանսական ուժերը հեռացած են Մընպեժէն եւ Այն Իսայէն, մինչ թրքական պատերազմական օդանաւեր աշխուժ թռիչքներ կը կատարէին շրջանին վերեւ:

Աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ ամերիկեան զինուորական սարքերով բեռնաւորուած 100 բեռնակառքեր չորեքշաբթի գիշեր հեռացած են Եփրատի արեւելեան ափին վրայ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն եւ ուղղուած Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ Սիմալքա սահմանային անցք:

Ըստ աղբիւրին, ամերիկեան բեռնակառքերուն հեռացման ընթացքին շրջանին մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը անջատուած է:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Մընպեժն ու Եփրատի արեւելեան ափը թրքական ուժերուն դիմացն են` յայտարարելով այդ ուղղութեամբ ջանքերու աշխուժացումը:

Նշենք, որ Անգարա Սուրիոյ հետ սահմանին յաւելեալ ուժերու կուտակում կատարեց:

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ ամերիկեան ուժերն ու ամերիկացի պաշտօնեաները իրենց շրջանէն հեռացնելը համաշխարհային կայունութեան վրայ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ: «Ատիկա շրջանին մէջ պիտի ստեղծէ քաղաքական ու զինուորական բաց մը, եւ շրջանի ժողովուրդները ձգէ թշնամական ուժերու եւ կողմերու ճիրաններուն մէջ», նշեցին անոնք:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը մէկ օր առաջ ամերիկեան ուժերու հեռացումը «թիկունքէն դաշոյնի հարուած մը» եւ «հազարաւոր մարտիկներու թափած արիւնին դաւաճանութիւն մը» նկատած էին:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ դարձեալ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը յաղթանակ արձանագրեցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ ամբողջացուցին իրենց առաքելութիւնը` աւելցնելով, որ ամերիկեան ուժերը հեռացնելու որոշումը անակնկալ մըն չէր: «Ես Սուրիայէն հեռացման մասին խօսեցայ 6 ամիս առաջ, ապա դարձեալ յայտարարեցի, որ միայն կարճ ժամանակով պիտի մնանք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սուրիայէն մեր հեռացումէն ետք ուրիշներ անձամբ պէտք է պայքարին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ»:

«Ամերիկան կ՛ուզէ՞ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ ոստիկանի դերը շարունակել, եւ ատոր համար կեանքեր զոհել եւ միլիառաւոր տոլարներ վճարել», հարց տուաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Ռուսիան, Իրանը, Սուրիան եւ ուրիշներ, հակառակ իրենց պնդումներուն, Սուրիայէն մեր հեռացումէն գոհ չեն: Անոնք ՏԱՀԵՇ-ի տեղական թշնամիներն են, եւ մենք այդտեղ անոնց դերն է, որ կը կատարենք», նշեց Թրամփ:

Թրամփ ընդգծեց, որ իր երկիրը «Միջին Արեւելքի մէջ դեր ստանձնած է փոխան ուրիշներու, որոնք իր կատարածը չեն կրնար ընել, եւ այլեւս ժամանակն է, որ ուրիշներ կռուին»:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան գաղտնի սպասարկութեանց հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Էտըմ Շիֆ յայտարարեց, որ մտադիր է լսման նիստ հրաւիրել` իմանալու համար ամերիկեան ուժերու արագ հեռացման հետեւանքները: Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պապ Քորքըր իր կարգին Թրամփի որոշումը նկատեց «մեծ ցնցում մը»: Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամ եւ շարք մը ծերակուտականներ ստորագրեցին Թրամփի ուղղուած նամակ մը` իրենց մտահոգութիւնը յայտնելով անոր որոշումին նկատմամբ:

Կրահամ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Կանխահաս որոշումը սուղ արժող սխալ մըն է, որ ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու ապահովութիւնը կը վտանգէ, այլ նաեւ կ՛ամրապնդէ շրջանին մէջ անոր մրցակիցներուն` Իրանի եւ Սուրիոյ դիրքերը ի հեճուկս անոր գործընկերներուն ու դաշնակիցներուն ազդեցութեան»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Սուրիայէն հեռանալու Թրամփի որոշումը կապ ունի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքին հետ, որ հնչեցուցած է Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Ըստ օրաթերթին, Էրտողան յայտնած է, թէ ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք ամերիկեան ուժերուն շրջանին մէջ մնալը դարձած է աւելորդ` խոստանալով, որ սահմանին վրայ կուտակուած թրքական ուժերը պիտի լուծեն խնդիրները:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Թել Աւիւ պիտի սերտէ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման հետեւանքները եւ աշխատանք պիտի տանի իր անվտանգութեան ապահովումը երաշխաւորելու»:

Իսրայէլեան դիւանագիտական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Նեթանիահու փորձած է Թրամփը տարհամոզել, սակայն չէ յաջողած:

Իսրայէլի հաղորդակցութեանց ու տեղեկահաւաքի նախարար Քաց իր կարգին մեկնաբանելով ամերիկեան հեռացումը նշեց. «Քիւրտերուն համար մեծ վնաս է… բարեբախտաբար (Իսրայէլ) քիւրտերը չէ», սակայն աւելցուց. «Մենք մեր շահերով մտահոգուած ենք»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նկատեցին, որ ամերիկեան հեռացումը պիտի վնասէ Հըզպալլայի դէմ կանոնաւոր կերպով պայքարելու իսրայէլեան փորձին, եւ Ռուսիոյ եւ Իրանի դիմաց դաշտը պարպելը իսրայէլեան պայքարին համար վատ լուր է:

«Ամերիկեան որոշումէն կարելի է հասկնալ, թէ Միացեալ Նահանգներուն կարելի չէ վստահիլ, եւ ատիկա (այդ որոշումը, «Ա.») ծանր հարուած է Իսրայէլի եւ կը բարդացնէ այդտեղ իրանեան տեղակայման դէմ պայքարը», ընդգծեցին իսրայէլեան լրատուամիջոցները:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ կարիքը չունինք ամերիկեան ներկայութեան, որ ապօրինի է»: «Համաձայն ենք Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յաղթանակին մասին Թրամփի յայտարարութեան, սակայն գոյութիւն ունի ահաբեկիչներուն մօտակայ երկիրներ տարածուելու վտանգը»:

 

Նախորդը

Սուտանի Մէջ Ցուցարարները Կը Մօտենան Նախագահական Պալատին

Յաջորդը

Խմբագրական. Աշխատանքներ, Դժուարութիւններ, Բացթողումներ (Դ.) Մամուլ Եւ Շնորհահանդէսներ

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.