Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփը Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Չհեռացնել Համոզելու Առումով Ձախողելէն Ետք. Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Հրաժարեցաւ

Դեկտեմբեր 22, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտարարեց, որ իր պաշտօնէն կը հրաժարի, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կարենայ այդ պաշտօնին նշանակել պաշտպանութեան նախարար մը, որուն մօտեցումները իր տեսակէտներուն մօտիկ են:

Փենթակոնի ղեկավարը ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ կարիքը ունին պահպանելու ուժեղ դաշինքներ եւ յարգելու իրենց դաշնակիցները: Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Մաթիս իր հրաժարականը ներկայացուցած է ժողովի մը ընթացքին Թրամփի հետ ունեցած իր տարակարծութենէն ետք:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Մաթիս այցելած է Թրամփին` Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը չհեռացնել համոզելու վերջին փորձ մը կատարելով, եւ իր հրաժարականը ներկայացուցած է, երբ նախագահը մերժած է իր կարծիքը:

Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Մաթիս իր պաշտօնէն պիտի հեռանայ յառաջիկայ փետրուարին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ձայնասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը հեռացնելու Թրամփի որոշումը տրուած է «բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ներառեալ հետս կատարուած խորհրդակցութիւններու շարքէ մը ետք»` աւելցնելով. «Այո՛, անոր պարզ զգուշացումէ մը աւելին ներկայացուցի»:

«Հակառակ հեռացումին, Միացեալ Նահանգներ վճռակամ են շարունակելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ըլլայ ատիկա Սուրիոյ մէջ կամ այլուր», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով. «Ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու որոշումը չ՛արժեզրկեր այն հսկայական յաջողութիւնը, որ այս վարչակազմը Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ արձանագրեց»:

Թրամփ Որոշած Է Ամերիկեան Ուժերու Աւելի Քան Կէսը Հեռացնել Աֆղանիստանէն

Ամերիկացի պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշած է մեծաթիւ ամերիկացի զինուորներ հեռացնել Աֆղանիստանէն: Ան մէկ օր առաջ որոշած է ամերիկեան ուժերը հեռացնել Սուրիայէն:

Պաշտօնատարը աւելցուցած է. «Որոշումը տրուեցաւ: Նկատառելի հեռացում տեղի պիտի ունենայ»:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը այս առումով կը հաղորդէ, որ աւելի քան 7 հազար ամերիկացի զինուորներ պիտի վերադառնան Միացեալ Նահանգներ:

Նշենք, որ Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի հովանիին տակ գործող ամերիկեան ուժերուն թուաքանակը շուրջ 14 հազար է:

Նախորդը

«Մոսկուա Տակաւին Չի Հասկնար, Թէ Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Ե՞րբ, Ինչպէ՞ս Եւ Դէպի Ո՞ւր Պիտի Հեռանան» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Փոխվարչապետ Հասպանի Այցելեց Քարանթինայի Պետական Հիւանդանոց

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը,  Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի  Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը, Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»

Մայիս 14, 2025
Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին,  Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին, Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?