Գերմանիոյ խորհրդարանը վարչապետ Անկելա Մերքելի կուսակից, Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Քարին Շթրենցին պարտաւորեցուց 20 հազար եւրոյի տուգանք վճարել` Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակազմէն գումարներ ստանալու եւ Ալիեւի ի նպաստ լոպիինկով զբաղելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` մէջբերելով գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը:
Ըստ գերմանական օրաթերթին, որոշումը տրուած է հինգշաբթի օր` խորհրդարանի նախագահութեան փակ նիստին ընթացքին:
Նախապէս Պունտըսթակը խիստ դիտողութեան ենթարկած էր իշխող կուսակցութեան երեսփոխանը, Եւրոպական խորհուրդն ալ զինք ցկեանս զրկած էր այդ կառոյց մուտք գործելու իրաւունքէն:
Շթրենց գայթակղութեան կեդրոն յայտնուած էր ամիսներ առաջ, երբ Եւրոպական խորհուրդի փորձագէտները աղմկայարոյց փաստեր բացայայտած էին Ալիեւի վարչակազմին հետ անոր սերտ կապերուն եւ Պաքուէն ստացած շքեղ նուէրներուն մասին:
Անցեալ տարուան ապրիլին հրապարակուած ծաւալուն` աւելի քան 200 էջնոց զեկուցումը փաստած էր, թէ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ, ներառեալ Շթրենց Ազրպէյճանէն ստացած են թանկարժէք նուէրներ եւ մեծ գումարներ, արձակուրդն ալ անցուցած են Պաքուի շքեղ պանդոկներուն մէջ:



