Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ ժողովուրդին ուղղուած ուղերձի մը մէջ յայտարարած է, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Մինչեւ նոր ընտրութիւն նախագահի լիազօրութիւնը պիտի կատարէ Ղազախստանի խորհրդարանի վերին պալատի նախագահ Քասըմ Ժոմարթ Թոքայեւը:
Նազարպայեւ 1990-էն ի վեր կը վարէր նախագահի պաշտօնը: