Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Մէջ Քաղաքական Բանտարկեալներու Ազատ Արձակումը

March 19, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց Ազրպէյճանի մէջ 40 քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը, որ տեղի ունեցած է Նովրուզի տօնին առիթով: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:

Համաներման արժանացած մարդոց մէջ եղած են քաղաքական կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, պլոկըրներ եւ լրագրողներ:

«Այս քայլը կ՛ընկալուի հաւանութեամբ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ Եւրոպական Միութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորուածութիւններուն համաձայն, հետագային նոյնպիսի քայլեր դարձեալ կ՛առնուին: Եւրոպական արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը շեշտած է, որ Եւրոպական Միութեան համար մարդու իրաւունքները «փոխադարձ յարաբերութիւններու կարեւորագոյն տարր կը հանդիսանան»:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրամանագիր ստորագրած է ազատ արձակելու աւելի քան 40 մարդիկ, որոնց շարքին են 14 արտերկրացիներ, ներառեալ` Ռուսիոյ 2 քաղաքացիներ:

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կիրակի օր ազատ արձակուած ընդդիմադիրները կը պնդեն, որ պայքարը աւարտած չէ, այնքան ատեն որ ազատութեան մէջ չեն իրենց բոլոր համախոհները:

Իրաւապաշտպաններու համաձայն, Ազրպէյճանի մէջ աւելի քան 120 քաղաքական բանտարկեալ կայ, նախագահ Ալիեւի վերջին հրամանագիրով ազատ արձակուած են անոնցմէ միայն 40-ը:

Իրաւապաշտպաններու համաձայն, վերջին տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահը առաջին անգամն է, որ այսպիսի շռայլութիւն ու բարեգթութիւն կը ցուցաբերէ` ազատ արձակելով շուրջ 40 ընդդիմադիրներ: Անոր, օրինակ, մէկ տարի առաջ համաներումով ազատ արձակած աւելի քան 600 բանտարկեալներուն շարքին ընդամէնը 12 քաղաքական բանտարկեալ ներառուած էր:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի Պետական Նախարարը

Յաջորդը

Թուրքիա-Իրան Սահմանին Վրայ ՔԱԿ-ի Դէմ Միացեալ Գործողութիւն

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.