Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Տանֆըրտ Կը Հերքէ Սուրիոյ Մէջ 1000 Ամերիկացի Զինուորներ Պահելու Մասին Լուրը

Մարտ 19, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտ հերքեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հրապարակած այն լուրը, թէ ամերիկեան բանակը Սուրիոյ մէջ շուրջ 1000 ամերիկացի զինուորներ պահելու ծրագիր մը կը մշակէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը:

«Փետրուարին յայտարարուած ծրագիրին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ, եւ կը շարունակենք գործադրել ամերիկեան ուժերը չնչին ներկայութեան նուազեցնելու նախագահի ցուցմունքը», ըսաւ Տանֆըրտ:

Ան արտասովոր քայլով մը հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա մանրամասն զինուորական ծրագրաւորում կատարած են եւ համաձայնած Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ ապահովական որոշ ձեւի կարգադրութեան մը վերաբերեալ «նախնական գաղափարի» մը շուրջ:

«Կը շարունակենք թրքական բանակի սպայակոյտին հետ զինուորական մանրամասն ծրագրաւորում կատարել` լուծելու համար Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքին թրքական անվտանգութեան մտահոգութիւնները: Մինչեւ օրս ծրագրաւորումը արդիւնաւէտ եղած է, եւ ունինք նախնական գաղափար մը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի յղկուի: Նաեւ ծրագրաւորում կը կատարենք (Միջազգային) դաշինքի այլ անդամներու հետ, որոնք մտադրութիւն յայտնած են Սուրիոյ մէջ գործողութիւններու փոխանցման փուլին աջակցելու», ըսաւ Տանֆըրտ յայտարարութեան մը մէջ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը կիրակի օր «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած էր, թէ ծրագրաւորման ընթացքին Սուրիոյ մէջ մնալիք ամերիկացի զինուորներու առաջարկուած կարգ մը թիւեր շրջանցած են 400-ը, սակայն վերջնական որեւէ որոշում չէ տրուած, եւ առայժմ հաւանական շարք մը թիւեր դրուած են սեղանի վրայ: Ըստ ծրագիրին, 1500 միացեալ ուժ մը պիտի մնայ Սուրիա` ապահովելու համար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիի անվտանգութիւնը, եւ ամերիկեան ուժերուն թիւը կախեալ է այն հարցէն, թէ քանի՛ դաշնակիցներ խոստացած են զինուորներ տրամադրել: Մինչեւ օրս դաշնակիցներու կողմէ այդպիսի խոստումներ չեն եղած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ամերիկացի զինուորներուն թիւը պիտի բարձրանայ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա-Իրան Սահմանին Վրայ ՔԱԿ-ի Դէմ Միացեալ Գործողութիւն

Յաջորդը

«Ոչ Ոք Պիտի Կարենայ Իսթանպուլը Դարձեալ Կոստանդնուպոլիսի Վերածել» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Նոյեմբեր 1, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?