Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջած է Թուրքիոյ հետ առեւտուրի արտօնեալ դրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու ղեկավարին, որ այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ:
Որոշումին համապատասխան արձանագրութիւնը ուղարկուած է թրքական կողմին: Որոշումին պատճառ դարձած է վերջին քանի մը տասնամեակի ընթացքին թրքական տնտեսութեան զարգացման մակարդակը:
Ըստ Թրամփին, Թուրքիոյ տնտեսութեան զարգացման մակարդակը բաւական բարձրացած է, բացի ատկէ` Թուրքիան արդէն դուրս եկած է առեւտուրի արտօնեալ դրութեան համաձայնութիւններէն, որոնք ունեցած է շարք մը այլ զարգացած երկիրներու հետ:
«Հիմնուելով Թուրքիոյ տնտեսական զարգացման մակարդակին վրայ, անհրաժեշտ է դադրեցնել Թուրքիոյ կարգավիճակը իբրեւ զարգացող ստացող երկիր», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ արտօնեալ դրութեան համաձայնագիրը պիտի դադրի գործելէ 17 մայիսէն սկսեալ:
Թուրքիայէն Միացեալ Նահանգներ ներածուող ապրանքները այսուհետեւ տուրքի պիտի ենթարկուին` սահմանուած ընդհանուր արժեչափերու համաձայն:
Յիշեցնենք, որ Թրամփ այս ուղղութեամբ իր մտադրութեան մասին յայտնած էր մարտին: