Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Ծովուժի «Թոմահոք»-եր Կրող Մարտանաւերը Մուտք Գործած Են Արաբական Ծոց

May 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի հասցէին ուղղուած Միացեալ Նահանգներու սպառնալիքներէն ետք, «Թոմահոք» թեւաւոր հրթիռներով զինուած ամերիկեան երկու մարտանաւեր, Հորմուզի նեղուցը անցնելով, մուտք գործած են Արաբական ծոցի տարածք: «Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու ծովուժի հիմնարկի մամլոյ ծառայութիւնը` վկայակոչելով Փենթակոնի ներկայացուցիչները:

Ամերիկացի զինուորականներու տուեալներով, «Մքֆոլ եւ Կոնզալեզ մարտանաւերը Հորմուզի նեղուցէն անցած են 16 մայիսի երեկոյեան` որեւէ խոչընդոտի չհանդիպելով Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի կողմէ»:

Գոյութիւն ունեցող տուեալներուն համաձայն, մարտանաւերէն իւրաքանչիւրը կրնայ մինչեւ 56 «Թոմահոք» թեւաւոր հրթիռներ կրել` 1,6 հազար քիլոմեթր հեռահարութեամբ, ինչպէս նաեւ` հակահրթիռային եւ հականաւային հրթիռներ:

Նաեւ կը նշուի, որ ներկայիս Հորմուզի նեղուցի տարածքին մէջ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու ծովուժի հարուածային խմբաւորումը` «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրի գլխաւորութեամբ:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան վարչակազմի կարգ մը անդամներ համոզուած են, թէ Իրան կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներու հետ պատերազմի առաջին քայլը ի՛նք առնելու:

Օրաթերթի աղբիւրներուն տուեալներով, Թրամփի վարչակազմին մէջ տարակարծութիւն կայ այն բանի մասին, որ ինչպէ՛ս պէտք է մեկնաբանել Թեհրանի իշխանութիւններուն այն յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, Իրան կը գտնուի ամբողջական ճակատումի եզրին: Ոմանք կը կարծեն, թէ, մեկնելով ամերիկեան հետախուզութեան տուեալներէն, Իրանի իշխանութիւնները համոզուած են, որ Միացեալ Նահանգներ զինուորական ամբողջական հակամարտութիւն պիտի շղթայազերծեն, ուստի կը պատրաստուին պատասխան քայլերու:

Սակայն, ինչպէս կ՛ընդգծէ օրաթերթը, Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմի ներկայացուցիչներուն մօտ կայ նաեւ այն կարծիքը, թէ` «Իրան կը ծրագրէ կամ ծրագրած է առաջին հարուածը հասցնել»:

Նշենք, որ ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ վարչակազմի պաշտօնատարները 16 մայիսին քոնկրեսի բարձրաստիճան անդամներուն` այսպէս կոչուած ութի խումբին, Իրանի վերաբերող դռնփակ զեկուցում ներկայացուցած են:

Նախորդը

Էրտողան. «Մեր Սուրիացի Քիւրտ, Արաբ Եւ Թիւրքմէն Եղբայրներուն Ապագան Պիտի Չյանձնենք Նոր Գաղութատիրական Փառամոլութիւններու Ողորմութեան»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 18 Մայիս 2019)

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.