Եգիպտական ապահովական երկու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ մայրաքաղաք Գահիրէի մօտ գտնուող Կիզա քաղաքին մէջ բուրգերու շրջանին մէջ գտնուող նոր թանգարանին առջեւ ականահարուած է զբօսաշրջական փոխադրակառք մը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ դէպքին պատճառով վիրաւորուած են 17 անձեր:
«Մայատին» հաղորդեց, որ 17 վիրաւորներու շարքին են 10 եգիպտացիներ եւ 7 հարաւային ափրիկէցիներ: Անոնց մեծամասնութիւնը ստացած է թեթեւ կամ միջին տարողութեամբ վէրքեր եւ տեղւոյն վրայ ստացած պէտք եղած դարմանումը:
Եգիպտական մեծ թանգարանի ծրագիրին ու անոր մերձակայ շրջապատին ընդհանուր վերահսկիչ զօր. Աթեֆ Մըֆթահ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ թանգարանը ապահով է եւ անոր շէնքերէն ու ցանկապատերէն ոչ մէկը վնասուած է:
Պայթումին վայրը առաջին ցանկապատէն 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, իսկ թանգարանի շէնքէն` 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ:



