Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Թուրքիան 2,5 տարուան ընթացքին վնասազերծած է ահաբեկչականներու ղեկավարներէն 420-ը, որոնցմէ 16-ը կը գտնուին որոնուողներու կարմիր ցուցակին վրայ»` շեշտելով. «Թուրքիան երբեք պիտի չարտօնէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, իր սահմաններուն մօտ, ահաբեկչական միջանցքի մը ստեղծումը»:
«Մենք մեր սուրիացի քիւրտ, արաբ եւ թիւրքմէն եղբայրներուն ապագան նոր գաղութատիրական փառամոլութիւններու ողորմութեան պիտի չյանձնենք», յայտարարեց ան:
Ըստ անոր, Թուրքիան ահաբեկչութեան դէմ իր գործողութիւններուն սկսելէն ի վեր մեծ կորուստներ պատճառած է ահաբեկիչներուն: «Թրքական բանակը ցաւ պատճառող հարուածներ հասցուց ՏԱՀԵՇ-ին եւ Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-ի թեւերուն, ինչպէս նաեւ աւելի քան 4 քառակուսի քիլոմեթր մը ձերբազատեց ահաբեկչութենէն», ըսաւ Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, թէ իր երկիրը հիւրընկալած է Սուրիոյ մէջ պատերազմէն փախուստ տուած 3 միլիոն 600 հազար տեղահանուածներ, որոնցմէ 320 հազարը վերադարձած են «ահաբեկչութենէն մաքրագործուած» իրենց շրջանները: