Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հոյակապ գործընկերութիւն գոյութիւն ունի:
Ան այն կարծիքը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ յաջողեցան միասնաբար աշխատիլ թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ի դիմակայման, թէ՛ այլ հարցերու մէջ:
Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «Իրան ահաբեկչական պետութիւն է, եւ անոր դէմ հաստատուած տնտեսական պատժամիջոցները խիստ էին ու ազդու»:
Ան նշեց, որ Իրանը Եմէնի եւ Սուրիոյ մէջ կը զօրակցի ահաբեկչութեան` նշելով, որ Իրանի եւ անոր հիւլէական զէնքին հարցով Ուաշինկթընի եւ Փարիզի միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին:
«Կ՛ուզենք իրանեան հրթիռային գործունէութիւնն ու շրջանին մէջ Թեհրանի ազդեցութիւնը նուազեցնել», նշեց Թրամփ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր կարգին յայտնեց. «Չենք ուզեր, որ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ, եւ կ՛ուզենք Իրանի շրջանային գործունէութիւնը սանձել»:
«Մենք Իրանի հետ նոր բանակցութիւններու ձեռնարկելու կարիքն ունինք», ըսաւ ան:
«Ափրիկէի կամ Միջին Արեւելքի մէջ մեր գործողութիւններուն ընթացքին Ուաշինկթընի հետ մեր յարաբերութիւնները ուժեղ են», նշեց Մաքրոն:



