Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Ֆրանք ՄըքՔենզի յայտարարած է, թէ Թեհրան ակներեւօրէն ետ կանգնած է Արաբական ծոցին մէջ ամերիկեան ուժերուն դէմ յարձակելու մտադրութենէն, սակայն հետագայ յարձակումի հաւանականութիւնը կը շարունակէ մնալ բաւական իրատեսական:
ՄըքՔենզի չէ բացառած, որ կրնայ շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերու յաւելում խնդրել` զսպելու համար Իրանէն բխող սպառնալիքները: