Միջազգային

Իրանեան Ծովուժը 44 Նաւաստիներ Փրկեց.  Օմանի Ծովուն Մէջ Նաւթատար  Երկու Նաւեր Յարձակումի Ենթարկուեցան

Իրանեան Ծովուժը 44 Նաւաստիներ Փրկեց. Օմանի Ծովուն Մէջ Նաւթատար Երկու Նաւեր Յարձակումի Ենթարկուեցան

«Եունիուզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ առաւօտեան հաղորդեց, որ Օմանի ծովուն մէջ իրերայաջորդ ուժեղ պայթումներ լսուած են` նշելով, որ հում նաւթով բեռնաւորուած երկու քարիւղատար մեծ նաւեր յարձակումի ենթարկուած են: Գործակալութիւնը աւելցուց, որ նշեալ նաւերուն վրայ մեծ հրդեհներ յառաջացած են, եւ անոնք օգնութեան կոչեր յղած են: Հաւաստի աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնեցին, որ նաւերէն մէկը ընկղմած է: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Մեծապէս մտահոգ ենք...

Բրիտանիան Այսօր Պիտի Որդեգրէ Ասանժը  Միացեալ Նահանգներուն  Արտայանձնելու Շուրջ Իր Որոշումը

Բրիտանիան Այսօր Պիտի Որդեգրէ Ասանժը Միացեալ Նահանգներուն Արտայանձնելու Շուրջ Իր Որոշումը

Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Սաճիտ Ճաւտ ըսած է, թէ ստորագրած է «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ճուլիան Ասանժը Միացեալ Նահանգներուն արտայանձնելու հրամանագիրը: Լոնտոնի դատարանը վերջնական որոշումը պիտի որդեգրէ այսօր: Միացեալ Նահանգներ Ասանժը կը մեղադրեն 18 յօդուածներով` Միացեալ Նահանգներու նախկին զինուոր Չելսի Մենինկի օգնութեամբ պետական գաղտնիք եղող փաստաթուղթեր ապօրինի եղանակով հայթայթելու եւ հրապարակելու համար: 47 տարեկան Ասանժ 11 ապրիլին վտարուած էր Լոնտոնի մէջ Էքուատորի...

«Թուրքիան Ոչ Թէ Պիտի Գնէ,  Այլ Գնած Է «Էս-400»-ները»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Ոչ Թէ Պիտի Գնէ, Այլ Գնած Է «Էս-400»-ները» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակցութեան ժողովի ընթացքին անդրադարձած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու եւ ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու վերաբերեալ վերջին շրջանին յառաջացած լարուածութեան: «Մենք վստահ ենք մեր կատարածէն եւ վստահօրէն կը շարունակենք մեր ճամբան: Ես չեմ ըսեր, որ Թուրքիան «Էս-400»-ներ պիտի գնէ, ես կ՛ըսեմ, որ արդէն գնած ենք: Այդ գործը աւարտած է: Համաձայնագիր ստորագրած ենք...

«Միացեալ Նահանգներու  Ճնշման Ներուժը Սպառած Է»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Միացեալ Նահանգներու Ճնշման Ներուժը Սպառած Է» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, թէ Իրանի վրայ ճնշում գործադրելու Ուաշինկթընի ներուժը սպառած է, երկրին մէջ իրավիճակը, անցեալ տարուան համեմատ, բարելաւուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»: «Ճնշման ներուժը սպառած է: Միացեալ Նահանգներ գագաթնակէտին հասցուցած են Իրանի ժողովուրդին դէմ ճնշումը, եւ այս պահէն սկսեալ այդ սպառնալիքը, այդ ճնշումը կը կորսնցնէ իր ուժը: Ներկայիս իրանցի ժողովուրդը, կէս տարի առաջուան համեմատած,...

Իսրայէլ Հրթիռակոծեց Հարաւային  Սուրիոյ Թել Հարա Շրջանը

Իսրայէլ Հրթիռակոծեց Հարաւային Սուրիոյ Թել Հարա Շրջանը

Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը երկրին հարաւային շրջանին մէջ դէմ դրած է իսրայէլեան յարձակումի մը: Զինուորական աղբիւրներ կայանին յայտնած են, թէ Տարաա նահանգի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Թել Հարա շրջանին մէջ վնասազերծուած են շարք մը հրթիռներ` աւելցնելով, որ յարձակումը միայն նիւթական վնասներ պատճառած է: «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ յարձակումէն առաջ իսրայէլեան հետազօտական օդանաւեր շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ...

Հուսիները Եմէնեան «Քրուզ»-ով Հարուածեցին  Սէուտական «Ապհա» Օդակայանը

Հուսիները Եմէնեան «Քրուզ»-ով Հարուածեցին Սէուտական «Ապհա» Օդակայանը

Եմէնեան բանակը յայտնեց, որ թեւաւոր հրթիռով մը հարուածած է սէուտական «Ապհա» օդակայանը: Սէուտական լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ յարձակումին պատճառով 26 ճամբորդներ վիրաւորուած են: Եմէնեան բանակը նշեց, որ մեծ ճշգրտութեամբ հարուածած է օդակայանը, ուր թռիչքները ամբողջութեամբ դադրած են:

Ռուսիան Մտադիր Է «Էս-400»-ները  Թուրքիա Հասցնել Յուլիսին

Ռուսիան Մտադիր Է «Էս-400»-ները Թուրքիա Հասցնել Յուլիսին

Ռուսիա յայտարարեց, թէ մտադիր է «Էս-400» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը Թուրքիա հասցնել յուլիսին: Քրեմլինի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Եուրի Ուշաքով երեքշաբթի օր Մոսկուայի մէջ լրագրողներուն ըսած է. «Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները տուեալ ծիրին մէջ ժամանակին կը կատարուին, երկու կողմէն ալ խնդիրներ չկան»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հակահրթիռային համակարգերը Թուրքիա պիտի հասնին յուլիսին, Ուշաքով ըսած է. «Այո՛, ինչպէս...

Էրտողան Ստորագրած Է Ազրպէյճանի  Եւ Վրաստանի Հետ Պաշտպանութեան Ոլորտի Մէջ  Գործակցութեան Փաստաթուղթը

Էրտողան Ստորագրած Է Ազրպէյճանի Եւ Վրաստանի Հետ Պաշտպանութեան Ոլորտի Մէջ Գործակցութեան Փաստաթուղթը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ստորագրած է Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցելու վերաբերեալ եռակողմ համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթի «Ռեսմի Կազեթէ» կայքը: Համաձայնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ 11 յունիս 2019-էն սկսեալ: Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ զինուորական ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը կնքուած էր 31 մարտ 2018-ին, Թուրքիոյ Կիրասոն քաղաքին մէջ: Նշենք, որ...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Սպառնացած Է Միացեալ Նահանգներուն

Պոլթըն Խօսած Է Փութին-Թրամփ Հանդիպումին Մասին. Ռիապքով Արձագանգած Է

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի խօսքերը` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներու հաւանական հանդիպումին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, թէ տակաւին յստակ ազդակներ չկան հանդիպումին վերաբերեալ, իսկ հրապարակային մեկնաբանութիւնները հանդիպումի նախապատրաստում չեն: Նոյն ատեն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերկէյ Ռիապքով ըսած է, թէ «ոտքի...

Ուաշինկթըն Կը Վերահաստատէ Թեհրանի Հետ  Բանակցութիւններու Սկսելու  Պատրաստակամութիւնը

Ուաշինկթըն Կը Վերահաստատէ Թեհրանի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու Պատրաստակամութիւնը

Ուաշինկթըն պատրաստ է Թեհրանի հետ բանակցութիւններու սկսելու իրանեան խնդիրին շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս: «Միակ լուծումը նոր եւ աւելի լաւ համաձայնագիրն է, որ կը վերաբերի Իրանի սպառնալիքներու ամբողջ տեսադաշտին: Այդ սպառնալիքները շարադրուած են 12 պահանջներու մէջ, որոնք, ինչպէս ըսած են նախագահ Թրամփն ու արտաքին գործոց նախարար...

«ՄԱԿ-ի Առաքելութեան Անդամներուն Դէմ  Քոսովոյի Վարմունքը Սադրանք Էր»  Կ՛ըսէ Փոլիանսքի

«ՄԱԿ-ի Առաքելութեան Անդամներուն Դէմ Քոսովոյի Վարմունքը Սադրանք Էր» Կ՛ըսէ Փոլիանսքի

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ փոխներկայացուցիչ Տմիթրի Փոլիանսքի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի պաշտօնեայի մը վիրաւորուելուն պատճառ դարձած վերջին դէպքերու ընթացքին Քոսովոյի ոստիկանութեան վարմունքը սադրիչ բնոյթ կը կրէր, եւ շատեր ատիկա նախատեսած էին: Փոլիանսքի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտնեց. «Մեր կարծիքով` ոստիկանութեան վարմունքը դիտաւորեալ սադրանք էր եւ ցուցադրական բնոյթ կը կրէր»: «Յարձակումի պահուն ընտրութիւնը պատահական չէր. մէկ օր առաջ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ...

Այսօր Կապալայի Մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ  Եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան  Նախարարներու Հանդիպում

Այսօր Կապալայի Մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարներու Հանդիպում

Այսօր Ազրպէյճանի Կապալա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու եռակողմ հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան: Զաքիր Հասանովի, Հուլուսի Աքարի եւ Լեւան Իզորիայի հանդիպումին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացման հեռանկարի, շրջանային նախագիծերու անվտանգութեան ապահովման ու շարք մը այլ հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակում:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը  Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Թուրքիոյ Դէմ  Պատժամիջոցներու Օրինագիծը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Օրինագիծը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ որդեգրեց Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման պատճառով օրակարգ բերուած օրինագիծը: Որդեգրուած օրինագիծը կը կրէ «Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա դաշինքին ուղղուած մտահոգութիւններու արտայայտում» վերնագիրը: Միաձայնութեամբ որդեգրուած օրինագիծին մէջ կ՛առաջարկուի կիրարկել Միացեալ Նահանգներու թշնամիներուն դէմ ուղղուած ՔԱԱԹՍԱ (Ամերիկայի հակառակորդներու դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման մասին օրէնք) պատժամիջոցները, ինչպէս նաեւ վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան նպատակայարմարութիւնը:...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ուսանող Թուրք  Օդաչուներուն Արգիլուեցաւ  «Էֆ-35»-ով Թռիչք Կատարել

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ուսանող Թուրք Օդաչուներուն Արգիլուեցաւ «Էֆ-35»-ով Թռիչք Կատարել

Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգին մէջ մարզուող թուրք զինուորական օդաչուները այլեւս չեն մասնակցիր «Էֆ-35» հալածիչներով կատարուող թռիչքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Փենթակոնի բանբեր Մայք Էնտրուսը: «Նախարարութիւնը տեղեակ է, որ թուրք օդաչուները թռիչքներ չեն կատարեր...», ըսած է ան: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է. «Եթէ Թուրքիան չփոխէ իր քաղաքականութիւնը, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք Թուրքիան հեռացնել «Էֆ-35»-ի ծրագիրէն»:...

Հասանով Երէկ Հասաւ Նախիջեւան` Հետեւելու  Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմափորձերուն

Հասանով Երէկ Հասաւ Նախիջեւան` Հետեւելու Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմափորձերուն

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ հասած է Նախիջեւան հետեւելու համար թուրք-ազրպէյճանական մարտավարական «Անխախտ եղբայրութիւն-2019» ռազմափորձերուն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: Ռազմափորձերը կ՛աւարտին այսօր:

«Եւրոպացիներուն Հետ Պիտի Գործակցինք`  Պահպանելու Համար Հիւլէական Համաձայնութիւնը»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Եւրոպացիներուն Հետ Պիտի Գործակցինք` Պահպանելու Համար Հիւլէական Համաձայնութիւնը» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս երէկ այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Շրջանին մէջ լարուածութեան աճը կրնայ կացութիւնը դուրս բերել հակակշիռէ, եւ պէտք չէ այդ մակարդակին հասնինք»: «Իրանցի պաշտօնատարներուն հետ երկարատեւ զրոյց ունեցայ եւ անոնց ներկայացուցի հիւլէական համաձայնութիւնը պահպանելու Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ կեցուածքը», աւելցուց ան: Գերմանական դիւանագիտութեան պետը...

Կիպրացիները Որոշած Են Ձերբակալել  Թրքական Նաւուն Անձնակազմը

Կիպրացիները Որոշած Են Ձերբակալել Թրքական Նաւուն Անձնակազմը

Կիպրոսի Հանրապետութիւնը կղզիին մօտակայքը որոնողական աշխատանքներ կատարող թրքական «Ֆաթիհ» նաւուն անձնակազմը ձերբակալելու որոշում տուած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Կիպրոս անօրինական կը նկատէ երկրին «յատուկ տնտեսական գօտիին մէջ» Թուրքիոյ աշխատանքները: Վերջինս կը պատճառաբանէ, թէ այդ տարածքները ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան կը պատկանին: Թրքական ծովուժէն մարտանաւեր կը հսկեն «Ֆաթիհ»-ին: Նաւուն անձնակազմը բաղկացած է 25 անձերէ: Յոյն կիպրացիները...

Փենթակոն. «Անգարան Պէտք Է «Էս-400»-ի  Եւ «Էֆ-35»-ի Միջեւ Ընտրութիւն Կատարէ»

Փենթակոն. «Անգարան Պէտք Է «Էս-400»-ի Եւ «Էֆ-35»-ի Միջեւ Ընտրութիւն Կատարէ»

Անգարա կը պնդէ, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման հարցին վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած, կը հաղորդէ «Հիւրրիեթ» օրաթերթը` վկայակոչելով կառավարութեան անանուն աղբիւրները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ այս հաւաստումները հնչած են այն բանէն ետք, երբ արեւմտեան մամուլին մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած են, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Փաթրիք Շանահան նամակ յղած է իր թուրք...

Իրանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Եւրասիական  Տնտեսական Միութեան Հետ Ազատ Առեւտուրի Գօտիի  Ստեղծման Մասին Ժամանակաւոր Համաձայնագիրը

Իրանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Մասին Ժամանակաւոր Համաձայնագիրը

Իրանի խորհրդարանը երէկ վաւերացուց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) հետ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման մասին ժամանակաւոր համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներն ու Իրանը ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման մասին ժամանակաւոր համաձայնագիրը ստորագրուած էր 17 մայիս 2018-ին` Ասթանայի մէջ տնտեսական խորհրդաժողովի ընթացքին: Համաձայնագիրը նախատեսուած է երեք տարուան համար: Համաձայնագիրի պայմաններուն համաձայն, կողմերը պարտաւոր են ազատ առեւտուրի...

«Դրամը Ժամանակակից Աշխարհի  Կրօնը Դարձած Է»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Դրամը Ժամանակակից Աշխարհի Կրօնը Դարձած Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, թէ դրամը ժամանակակից աշխարհին մէջ վերածուած է «կրօն»-ի: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը: «Մեր աշխարհին վրայ դրամը եւս դարձած է կրօն... Շատ հարցերու մէջ դրամը գերազանցած է նոյնիսկ նիւթական աշխարհը: Ատիկա պարզապէս կրօն դարձած է: Եւ ահա ատիկա խնդիր է, ատիկա ահաւոր է», ըսած է Զախարովա: Անոր համաձայն, բազմաթիւ...

Page 526 of 884 1 … 525 526 527 … 884

Արխիւներ