Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեքքայի Վեհաժողովներու Հաղորդագրութիւններուն Վերապահութիւն Յայտնելուն Պատճառով. Ռիատ Տոհան Կ՛ամբաստանէ Ճշմարտութիւնները Խեղաթիւրելու Յանցանքով

June 4, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ բոլորը այլեւս կը գիտակցին, թէ Քաթարի կողմէ ճշմարտութեան խեղաթիւրումը զարմանալի չէ:

Ան յայտնեց, որ Քաթար վերապահութիւն յայտնած է շրջանի երկիրներու ներքին հարցերուն իրանեան միջամտութիւնները մերժող արաբական եւ Ծոցի շրջանի վեհաժողովներէն բխած հաղորդագրութիւններուն նկատմամբ` նշելով, որ Արաբական վեհաժողովի հաղորդագրութիւնը հաստատեց Պաղեստինեան դատին, 1967-ի սահմաններով ու Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութեան հաստատման կեդրոնական հարց ըլլալը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ռահման Ալ Թանի յայտարարած էր, թէ իր երկիրը վերապահութիւն կը յայտնէ երկու վեհաժողովներու հաղորդագրութիւններուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնց կարգ մը կէտերը կը հակասեն Տոհայի արտաքին քաղաքականութեան:

«Երկու վեհաժողովներուն հաղորդագրութիւնները նախապէս պատրաստ էին, եւ անոնց շուրջ մեզի հետ խորհրդակցութիւն չէ կատարուած», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեքքայի երկու վեհաժողովները անտեսեցին շրջանին մէջ կարեւոր դատեր, ինչպէս` Պաղեստինը, Լիպիոյ եւ Եմէնի մէջ պատերազմը»: Ան նաեւ յայտնեց, թէ կը փափաքէր, որ երկու վեհաժողովները Իրանի հետ լարուածութեան մեղմացման հիմեր ճշդեն:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա իր կարգին քննադատեց Քաթարը` նշելով, որ Տոհայի կեցուածքը ցոյց կու տայ, թէ ան «կախեալ դարձած է եւ միջնորդներու օգնութիւնը կը խնդրէ»:

Նշենք, որ Իրաք եւս մերժած էր վեհաժողովի հաղորդագրութիւնը եւ յայտարարած, թէ բանաձեւման ընթացքին իրեն հետ խորհրդակցութիւն չէ կատարուած:

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորը վեհաժողովի ընթացքին միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց «բոլոր միջոցները օգտագործելու»` զսպելու համար Իրանը:

 

Նախորդը

Ալիեւ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Թայֆուրի Օդակայանին Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.