
Եմէնեան բանակը յայտնեց, որ թեւաւոր հրթիռով մը հարուածած է սէուտական «Ապհա» օդակայանը: Սէուտական լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ յարձակումին պատճառով 26 ճամբորդներ վիրաւորուած են:
Եմէնեան բանակը նշեց, որ մեծ ճշգրտութեամբ հարուածած է օդակայանը, ուր թռիչքները ամբողջութեամբ դադրած են: