ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ փոխներկայացուցիչ Տմիթրի Փոլիանսքի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի պաշտօնեայի մը վիրաւորուելուն պատճառ դարձած վերջին դէպքերու ընթացքին Քոսովոյի ոստիկանութեան վարմունքը սադրիչ բնոյթ կը կրէր, եւ շատեր ատիկա նախատեսած էին:
Փոլիանսքի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտնեց. «Մեր կարծիքով` ոստիկանութեան վարմունքը դիտաւորեալ սադրանք էր եւ ցուցադրական բնոյթ կը կրէր»:
«Յարձակումի պահուն ընտրութիւնը պատահական չէր. մէկ օր առաջ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ խորհրդարանին մէջ իր խօսքին մէջ նշեց, որ պատրաստ է Քոսովոյի հարցին համաձայնական լուծումի հասնելու, բայց եւ այնպէս, Քոսովոյի իշխանութիւնները որոշեցին ցոյց տալ, թէ իրենք են հիւսիսային շրջանի տէրերը», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Սերպիոյ եւ Քոսովոյին կոչ ուղղած են` «երկխօսութիւն կատարելու եւ փոխադարձ ճանաչման»:
Սպիտակ տունը նշեալ երկիրներուն միջեւ պատերազմին վերջ տուած ՕԹԱՆ-ի ուժերու տարածման 20-ամեակին առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց. «Մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ, սակայն աշխատանքը չէ աւարտած»:
«Երկու դրացիներուն միջեւ երկխօսութիւնը իսկական անկախութեան հասնելու միակ ուղին է», նշեց Սպիտակ տունը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ամբողջ հոլովոյթի ընթացքին իրենց աջակցութիւնը տրամադրելու:
«Սերպիան ու Քոսովոն պատասխանատու են անմիջապէս շարժելու` առ ի յարգանք քսան տարի առաջ տառապածներուն ու մահացածներուն», շեշտեց Սպիտակ տունը:



