Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպացիներուն Հետ Պիտի Գործակցինք` Պահպանելու Համար Հիւլէական Համաձայնութիւնը» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Յունիս 11, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս երէկ այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Շրջանին մէջ լարուածութեան աճը կրնայ կացութիւնը դուրս բերել հակակշիռէ, եւ պէտք չէ այդ մակարդակին հասնինք»:

«Իրանցի պաշտօնատարներուն հետ երկարատեւ զրոյց ունեցայ եւ անոնց ներկայացուցի հիւլէական համաձայնութիւնը պահպանելու Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ կեցուածքը», աւելցուց ան:

Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Մեր քննարկումներուն նիւթերը դարձան նաեւ շրջանային հարցեր, ինչպէս` Եմէնի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնները` նկատի ունենալով շրջանին մէջ Իրանի ունեցած ազդեցութիւնը»:

«Գերմանիան կը շարունակէ զօրակցիլ հիւլէական համաձայնութեան եւ կը հաստատէ, որ ատիկա լաւ է, եւ կ՛ըսենք, թէ Իրան կը ջանայ իր իրաւունքները ստանալ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կը փորձենք շարունակել փոխադարձ առեւտուրը եւ կը ջանանք, որ եւրոպական ընկերութիւնները կարենան աշխատիլ Իրանի հետ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտնեց. «Իրանեան նոր քայլերը, հիւլէական համաձայնութեան համաձայն, օրինական են, եւ զանոնք պիտի շարունակենք, ըստ միջազգային յանձնառութեանց»:

«Իրանի եւ Գերմանիոյ հասարակաց նպատակը հիւլէական համաձայնագիրը պահպանելն է», նշեց ան` աւելցնելով, որ գերմանացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկումները «անկեղծ եւ լուրջ էին»:

Զարիֆ յոյս յայտնեց, որ հիւլէական համաձայնութիւնը պահպանելու Գերմանիոյ եւ եւրոպական երկիրներու ջանքերը յաջողութեամբ կը պսակուին, «եւ միշտ պատրաստ ենք գործակցելու»:

«Միացեալ Նահանգներ «Դարու գործարք»-ին միջոցով կը ջանան վերջ տալ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն, ինչ որ կը վտանգէ շրջանի անվտանգութիւնը», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Զարիֆ նաեւ շեշտեց. «Երբեք որեւէ պատերազմ սկսողը չենք եղած, սակայն ան որ մեր դէմ պատերազմ սկսի, պիտի չըլլայ զայն աւարտողը»:

Նախորդը

Կիպրացիները Որոշած Են Ձերբակալել Թրքական Նաւուն Անձնակազմը

Յաջորդը

Հասանով Երէկ Հասաւ Նախիջեւան` Հետեւելու Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմափորձերուն

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?