Իսրայէլ Հրթիռակոծեց Հարաւային Սուրիոյ Թել Հարա Շրջանը
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը երկրին հարաւային շրջանին մէջ դէմ դրած է իսրայէլեան յարձակումի մը: Զինուորական աղբիւրներ կայանին յայտնած են, թէ Տարաա նահանգի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Թել Հարա շրջանին մէջ վնասազերծուած են շարք մը հրթիռներ` աւելցնելով, որ յարձակումը միայն նիւթական վնասներ պատճառած է:
«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ յարձակումէն առաջ իսրայէլեան հետազօտական օդանաւեր շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ թռիչք կատարած են Ժապալ Շէյխի բռնագրաւուած հատուածին վերեւ:
Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանի Մահարտա գիւղին հիւսիսը գտնուող Թել Լըլըհ գիւղին մօտ վար առած է Ժապհաթ Նուսրայի քամիքազ անօդաչու թռչող սարք մը:
Սուրիական բանակը նաեւ հարուածած է Համայի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններու շարք մը գիւղերու մէջ Ժէյշ Իզզաթի եւ Ժապհաթ Նուսրայի շարք մը կեդրոններ ու դիրքեր: