Միջազգային

«Այլոց Քարիւղի Արտածումը Ապահով  Պիտի Մնայ, Այնքան Ատեն  Որ Մեր Քարիւղը Կ՛արտածուի»  Կ՛ըսէ Զօր. Պաքրի

«Այլոց Քարիւղի Արտածումը Ապահով Պիտի Մնայ, Այնքան Ատեն Որ Մեր Քարիւղը Կ՛արտածուի» Կ՛ըսէ Զօր. Պաքրի

Իրանի բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Պաքրի յայտնեց, որ իր երկիրը կարողութիւնը ունի փակելու Հորմուզի նեղուցը եւ եթէ այդ մէկը կատարել ուզէ, ապա այդ մասին պիտի յայտարարէ` նշելով, որ եթէ փակէ, ապա ոչ իսկ կաթիլ մը քարիւղ կարելի պիտի ըլլայ այնտեղէն դուրս բերել: Զօր. Պաքրի յայտարարեց. «Այնքան ատեն որ ոչ ոք Հորմուզի անվտանգութեան համար խնդիրներ կը ստեղծէ, մենք պիտի պահպանենք...

Եգիպտոսի Նախկին Նախագահ Մուրսի Մահացաւ Դատավարութեան Ընթացքին

Եգիպտոսի Նախկին Նախագահ Մուրսի Մահացաւ Դատավարութեան Ընթացքին

Եգիպտոսի պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, թէ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մորսի երէկ երեկոյեան մահացած է դատավարութեան ընթացքին` նշելով, որ ան ուշքը կորսնցուցած է եւ մահացած նիստի առկախումէն ետք: Անոր դիակը փոխադրուած է հիւանդանոց: Դատական ու ապահովական երկու աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Մուրսի դատարանին առջեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ խօսք արտասանած է, զգացուած է, ապա ուշքը կորսնցուցած: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ...

Չաւուշօղլու Կը Սպառնայ Սուրիոյ

Չաւուշօղլու Կը Սպառնայ Սուրիոյ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ իր ղեկավարած նախարարութեան ներկայացուցչութեան բացման ժամանակ անդրադարձած է թրքական պաշտօնական այն յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց` Սուրիոյ կառավարական ուժերը յարձակումներ գործած են Իտլիպի մէջ թրքական հսկողութեան կէտերուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը: «Անկարելի է, որ հանդուրժենք մեր զինուորներուն ուղղուած անհանգստութիւնները: Անոնց ցոյց պիտի տանք իրենց տեղը: Ամէն ոք թող ճանչնայ...

Ազրպէյճան Հրթիռակոծած Է  Իր Սեփական Քաղաքը

Ազրպէյճան Հրթիռակոծած Է Իր Սեփական Քաղաքը

«Ազատլըխ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Կանիմաթ Զահիտ իր դիմատետրեան էջին վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ վեց օր առաջ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով «լուրջ յաջողութիւններու հասած է» եւ հրթիռակոծած Գանձակը: «Գանձակի վրայ հրթիռ ինկած է: Զաքիր Հասանով հինգ օր առաջ լուրջ յաջողութեան հասած է: Հաւաստի աղբիւրներու հաղորդած տուեալներուն համաձայն, հինգ օր առաջ Աղստաֆայի շրջանին մէջ ռազմափորձերու...

Բրիտանիոյ Վարչապետի Պաշտօնի  Թեկնածուներու Բանավէճը`  Առանց Պորիս Ճոնսընի

Բրիտանիոյ Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածուներու Բանավէճը` Առանց Պորիս Ճոնսընի

Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան յաջորդ ղեկավարի պաշտօնի թեկնածուներուն միջեւ 16 յունիսի երեկոյեան պատկերասփռուած բանավէճը, որ պէտք է ճշդէր երկրի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին Թերեզա Մէյը փոխարինող անձը, կայացած է առանց վարչապետական արշաւի յառաջատար Պորիս Ճոնսընի մասնակցութեան եւ բացարձակ յաղթող մը չէ եղած: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ Լոնտոնի նախկին քաղաքապետ Պորիս Ճոնսըն մէկ օր...

Եգիպտոս Իսրայէլի Հետ Բնական  Կազի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուց

Եգիպտոս Իսրայէլի Հետ Բնական Կազի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուց

Եգիպտոսի քարիւղի պետական խորհուրդն ու բնական կազի եգիպտական ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Իսրայէլի ելեկտրական ընկերութեան հետ գոյացուցած է բարեկամական համաձայնութիւն մը` լուծելու համար բնական կազի համաձայնութեան շուրջ գոյացած ճգնաժամը, որուն պատճառով անոր գործադրութիւնը դադրեցուած էր: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Իսրայէլի ելեկտրական ընկերութեան ի նպաստ արձակուած վճիռին գումարը նուազեցուած է 500 միլիոն տոլարի: Եգիպտոսի միջազգային առեւտուրի գրասենեակը 2015-ին...

Զանգուածային Բողոքի  Ցոյցի Աւարտէն Քանի Մը Ժամ Ետք.  Հոնկ Քոնկի Ամէնէն Ծանօթ Քաղաքական  Բանտարկեալը Ազատ Արձակուեցաւ

Զանգուածային Բողոքի Ցոյցի Աւարտէն Քանի Մը Ժամ Ետք. Հոնկ Քոնկի Ամէնէն Ծանօթ Քաղաքական Բանտարկեալը Ազատ Արձակուեցաւ

Չինաստանի յատուկ վարչական շրջան Հոնկ Քոնկի մէջ երէկ վաղաժամ ազատ արձակուած է ընդդիմադիր ամէնէն յայտնի գործիչներէն 22 տարեկան Ճոշուա Վոնկը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ան երկու ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած էր 2014-ին Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու կազմակերպման աշխուժ մասնակցութեան համար: Վոնկի պատիժի կրճատման մասին յայտնի դարձաւ Հոնկ Քոնկի պատմութեան մէջ տեղի ունեցած ամէնէն զանգուածային բողոքի...

Ամերիկեան Ուժերը Լեհաստանի Մէջ  Պիտի Տեղակայուին Վեց Կէտերու Մէջ

Ամերիկեան Ուժերը Լեհաստանի Մէջ Պիտի Տեղակայուին Վեց Կէտերու Մէջ

Ամերիկեան ուժերը պիտի տեղակայուին Լեհաստանի վեց կէտերու մէջ, առաւելաբար` արեւելեան սահմանին մօտ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Լեհաստանի պաշտպանութեան նախարար Մարիուշ Պլաշաք: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Լեհաստան համաձայնած են Լեհաստանի տարածքին մէջ ամերիկեան «Էմ.Քիու.-9» հետախուզական անօդաչու թռչող սարքեր տեղակայելու շուրջ: Միացեալ Նահանգներ նաեւ մտադիր են աւելցնել երկրին մէջ իրենց զինուորներուն թիւը: Ռուսիոյ դաշնակցային...

Պոլսոյ Քաղաքապետի Երկու Գլխաւոր  Թեկնածուներու Պատկերասփռուած Բանավէճ

Պոլսոյ Քաղաքապետի Երկու Գլխաւոր Թեկնածուներու Պատկերասփռուած Բանավէճ

Թուրքիոյ մէջ պատկերասփռուած բանավէճ մը տեղի ունեցած է Պոլսոյ քաղաքապետի երկու գլխաւոր թեկնածուներու` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու, երկրի նախկին վարչապետ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուի միջեւ: Իմամօղլու յաղթած էր 31 մարտին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընթացքին եւ երկար քննարկումներէ ու վերահաշուարկներէ ետք միայն` 17 ապրիլին, Ընտրական բարձրագոյն յանձնախումբը...

«Մեր Ծովուժով Եւ Օդուժով Կը Գտնուինք  Արեւելեան Միջերկրականին Մէջ,  Եւ Կ՛աշխատինք Զայն Պաշտպանել»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Մեր Ծովուժով Եւ Օդուժով Կը Գտնուինք Արեւելեան Միջերկրականին Մէջ, Եւ Կ՛աշխատինք Զայն Պաշտպանել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Միջերկրական ծովուն մէջ մեր նաւերուն դէմ որեւէ քայլի դիմել փորձողը թող իմանայ, թէ մեր ծովուժով եւ օդուժով այդտեղ կը գտնուինք, եւ կ՛աշխատինք զայն պաշտպանել»: «Յունական Կիպրոսի մէջ կ՛ըսեն, թէ հրամայած են ձերբակալել արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ թրքական նաւերու անձնակազմերը. իրենց նպատակին պիտի չհասնին», նշեց Էրտողան: «Մեր շահերուն համար պայքարելու ուղին ընտրեցինք եւ ոչ թէ...

Նշելով, Թէ Իրենք Պատերազմ Չեն Ուզեր,  Եւ Դիւանագիտութիւնը Կը Գործէ.  Փոմփէօ. «Իրան Հաստատօրէն Պատասխանատու Է  Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ  Կատարուած Յարձակումին Համար»

Նշելով, Թէ Իրենք Պատերազմ Չեն Ուզեր, Եւ Դիւանագիտութիւնը Կը Գործէ. Փոմփէօ. «Իրան Հաստատօրէն Պատասխանատու Է Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Կատարուած Յարձակումին Համար»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ հաստատ մնաց Իրանի վերաբերեալ իր կեցուածքին վրայ` նշելով, թէ «հաստատ» է, որ Թեհրան պատասխանատու է Արաբական ծոցին մէջ քարիւղատար նաւերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն համար: «Այստեղ պատահածը հաստատ է: Ասոնք Իրանի իսլամական հանրապետութեան կողմէ առեւտրական նաւարկութեան, նաւարկութեան ազատութեան դէմ յարձակումներ էին` (Հորմուզի) նեղուցէն տարանցումը արգիլելու յստակ նպատակով», ըսաւ ան «Ֆոքս Նիուզ Սանտէյ» յայտագիրի...

«Քասեֆ»-ներով Յարձակումներ` Ապհայի  Եւ Ժիզանի Օդակայաններուն Դէմ

«Քասեֆ»-ներով Յարձակումներ` Ապհայի Եւ Ժիզանի Օդակայաններուն Դէմ

Եմէնեան բանակի բանբեր Եահիա Սարիհ շաբաթ օր յայտարարեց, թէ իրենք լայնածաւալ եւ տեսակարար գործողութիւն մը շղթայազերծած են Սէուտական Արաբիոյ Ապհայի եւ Ժիզանի օդակայաններուն դէմ` օգտագործելով «Քասեֆ Քէյ-2» անօդաչու թռչող սարքեր: Ան յայտնեց, որ առաջին գործողութիւնը թիրախ դարձուցած է Ժիզանի օդակայանին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու կառավարման գրասենեակները, իսկ քանի մը սարքերով երկրորդ գործողութիւնը` Ապհայի միջազգային օդակայանին վառելանիւթի կայարանը: Սարիհ աւելցուց, որ...

Իսրայէլի Վարչապետին Կինը  15 Հազար Տոլարի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Իսրայէլի Վարչապետին Կինը 15 Հազար Տոլարի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կինը` Սարա Նեթանիահուն 15 հազար տոլարի չափով տուգանք պիտի վճարէ պետական միջոցները մսխելուն համար: Երուսաղէմի դատարանը ընդունած է մեղադրող կողմի եւ Սարա Նեթանիահուի միջեւ գոյացած` տուգանքը վճարելու միջոցով դատական գործը փակելու շուրջ համաձայնութիւնը: Սարա Նեթանիահուն կը մեղադրուի պետական միջոցներով թանկարժէք պարէն եւ կերակուրի տեսակներ պատուիրելու եւ շքեղ ճաշարաններու ծառայութիւններէն օգտուելու համար, հակառակ այն հանգամանքին, որ վարչապետին...

Չինաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու  Ղեկավարներու Աշխատանքային Ընթրիք` Քսաններու  Խմբակի Վեհաժողովին Ընթացքին

Չինաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Ղեկավարներու Աշխատանքային Ընթրիք` Քսաններու Խմբակի Վեհաժողովին Ընթացքին

Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աշխատանքային ընթրիքի ձեւաչափով հանդիպում պիտի ունենան Օսաքայի մէջ 28-29 յունիսին տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» օրաթերթը: Հանդիպումի նախապատրաստութիւններուն ծանօթ աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է.«Ատիկա պիտի ըլլայ, ըստ էութեան, անցեալ տարուան դեկտեմբերին Արժանթինի մէջ կայացած վեհաժողովի...

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կը Նախատեսէ  2020-ին Պաշտպանութեան Ոլորտին  Աւելի Քան 730 Միլիառ Տոլար Յատկացնել

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կը Նախատեսէ 2020-ին Պաշտպանութեան Ոլորտին Աւելի Քան 730 Միլիառ Տոլար Յատկացնել

2020-ի ելեւմտական տարուան մէջ, որ կը սկսի 1 հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի պիւտճէն 733 միլիառ տոլար պիտի ըլլայ, ինչ որ 17 միլիառով նուազ է մարտին Սպիտակ տան խնդրած պիւտճէէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է 2020 ելեւմտական տարուան զինուորական պիւտճէի նախագիծին մէջ, որ մշակուած է Քոնկրեսի ստորին պալատին` Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու հարցերով յանձնախումբի...

2018-ին Վենեզուելայի Մէջ Սղաճը  Հասած Է 130,060 Առ Հարիւրի

2018-ին Վենեզուելայի Մէջ Սղաճը Հասած Է 130,060 Առ Հարիւրի

2018-ին Վենեզուելայի մէջ սղաճը հասած է 130,060 առ հարիւրի: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը հաղորդուի Վենեզուելայի կեդրոնական դրամատան պատրաստած զեկուցումին մէջ, որ հրապարակուած է երեք տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով: Զեկուցումին մէջ նշուած է, թէ 2013-էն մինչեւ 2018 թուական երկրի տնտեսութիւնը, որուն 96 առ հարիւրը կը կազմէ քարիւղի հատուածը, կրճատուած է 47,6 առ հարիւրով: 2013-2014 թուականներուն քարիւղի արտածումէն...

Քրեմլինը Չի Մեկնաբաներ Աւստրիոյ  Փոխվարչապետի Գայթակղութիւնը

Քրեմլինը Չի Մեկնաբաներ Աւստրիոյ Փոխվարչապետի Գայթակղութիւնը

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով առանց մեկնաբանութեան ձգած է այն տեսագրութիւնը, որ գայթակղութիւն յառաջացուցած էր Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ: «Ես չեմ կրնար որեւէ ձեւով գնահատել այդ տեսագրութեան յայտնուիլը, որովհետեւ ատիկա չի վերաբերիր Ռուսիոյ նախագահին, կամ կառավարութեան», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը` աւելցնելով. «Մենք հաստատ կերպով չենք գիտեր, թէ ո՛վ է այդ կինը, ռո՞ւս է արդեօք, Ռուսիոյ քաղաքացի՞ է արդեօք»: Փեսքովի...

Հուսիները Դարձեալ Հարուածեցին  Ապհայի Օդակայանը

Հուսիները Դարձեալ Հարուածեցին Ապհայի Օդակայանը

Սէուտական ղեկավարութեամբ Արաբական դաշինքը յայտնեց, թէ վնասազերծած է հուսիներու կողմէ Սէուտական Արաբիոյ Ապհա միջազգային օդակայանին եւ Խամիս Մաշիթ նահանգին դէմ արձակուած հինգ անօդաչու թռչող սարքեր: Հուսիները իրենց կարգին յայտնեցին, թէ «Քասեֆ Քէյ2» օդանաւերով շարք մը յարձակումներ գործած են Սէուտական Արաբիոյ Ապհա օդակայանին դէմ` նշելով, որ ռմբակոծման պատճառով օդակայանէն թռիչքները դադրած են:

Ուաշինկթըն Եւ Լոնտոն Իրանը Պատասխանատու  Կը Նկատեն Օմանի Ծոցին Մէջ Յարձակումներուն

Ուաշինկթըն Եւ Լոնտոն Իրանը Պատասխանատու Կը Նկատեն Օմանի Ծոցին Մէջ Յարձակումներուն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նշեց. «Ամերիկեան արժեւորումը ցոյց կու տայ, թէ Իրան պատասխանատու է Օմանի ծոցին մէջ քարիւղատար երկու նաւերուն դէմ յարձակումին համար: Ան Ուաշինկթընի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ ՄԱԿ-ի մէջ իր երկրի դեսպանէն պահանջած է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արծարծել Իրանի հարցը` Թեհրանը ամբաստանելով Հորմուզի նեղուցին մէջ քարիւղի փոխադրումները արգելակել ջանալով, ինչպէս նաեւ անոր...

«Պիտի Հակադարձենք, Եթէ Ուաշինկթըն  «Էս-400»-ներու Հարցով Մեր Դէմ  Ժխտական Քայլեր Որդեգրէ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Պիտի Հակադարձենք, Եթէ Ուաշինկթըն «Էս-400»-ներու Հարցով Մեր Դէմ Ժխտական Քայլեր Որդեգրէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Էս-400» համակարգերու գնման առնչուած բոլոր քայլերը կատարուած են, եւ հասած ենք ստանձնման փուլին ու երբեք այս գործարքէն ետդարձ պիտի չկատարենք»: Անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» համակարգի գնման պարագային ամերիկեան սպառնալիքներուն` ան ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներ ուրկէ՞ իրաւունք ունին մեզի թելադրելու` ասիկա գնեցէ՛ք, ատիկա` ոչ»: Ինչ կը վերաբերի ամերիկեան հաւանական պատժամիջոցներու գոյութեան, ան շեշտեց. «Եթէ...

Page 525 of 884 1 … 524 525 526 … 884

Արխիւներ