Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երկրի նախկին արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլի հետ դպրոց այցելութեան ընթացքին անդրադարձած է Իրաքի հիւսիսը քիւրտերու անկախութեան ձեռք բերման հարցին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «էնսոնհապեր» կայքը:
«Ես կողմնակից եմ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան: Չեմ կարծեր, որ անկախ քրտական պետութեան ստեղծումը պիտի ծառայէ շրջանային խաղաղութեան», ըսած է Մերքել:
Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ նշած է, որ Իրաքի մէջ ապրող քիւրտերու առաջ քաշած պահանջները արդար են:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիան չէր զօրակցած երկու տարի առաջ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ անկախութեան շուրջ տեղի ունեցած հանրաքուէին: