Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի յայտարարած է, թէ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուող միացեալ զինուորական նախագիծերը կը համապատասխանեն Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ դրացի Թուրքիոյ շահերուն: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Ափսնի» կայքը:
Նախարարը նշած է, որ Ազրպէյճան Վրաստանի հիմնական ռազմավարական գործընկերն է:
«Այն ժամանակ, երբ մեր տարածքները բռնագրաւուած են Ռուսիոյ կողմէ, մենք չենք կրնար փճացնել մեր հիմնական ռազմավարական գործընկերոջ հետ յարաբերութիւնները», ըսած է ան:
Զալքալիանի անդրադարձած է նաեւ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման հարցերով միացեալ յանձնախումբի գործունէութեան:
«Երկու երկիրներուն միջեւ սահմանին վերաբերող բանակցութիւնները իրենց ռազմավարութիւնն ու յաջորդականութիւնը ունին: Վրաստանի կառավարութիւնը գաղտնի բանակցութիւններ վարելու մտադրութիւն չունի: Սահմանի հարցին մէջ կարեւոր է, որ կողմերը փոխըմբռնումի գան», նշած է վրացական դիւանագիտութեան պետը:



