Երուսաղէմի մէջ տեղի ունենալիք Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ ձեւաչափով հանդիպումի ընթացքին Մոսկուան հաշուի պիտի առնէ Իրանի շահերը եւ Միացեալ Նահանգներուն ու Իսրայէլին հասցնէ Թեհրանի տեսակէտը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ:
Փաթրուշեւի, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի եւ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Մէյիր պեն Շապաթի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-25 յունիսին: Հանդիպումին հիմնական նիւթը Սուրիոյ կացութիւնն է: