Ազրպէյճանի խորհրդարան ներկայացուած են «Ազրպէյճանի 2019-ի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքին մէջ նախատեսուած փոփոխութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութիւնը:
Նախագիծին համաձայն, որոշ ծախսերու վերաբերեալ փոփոխութիւններ կ՛ենթադրուին: Պաշտպանական ծախսերու համար կը նախատեսուի յատկացնել լրացուցիչ 150 միլիոն մանաթ: Պաշտպանական ծախսերը, այդպիսով, կ՛աւելնան 4,9 առ հարիւրով: