Միջազգային

Աթէնքի Մէջ Յարձակումի Մը Պատճառով  Վիրաւորուեցան Երկու Ոստիկաններ

Աթէնքի Մէջ Յարձակումի Մը Պատճառով Վիրաւորուեցան Երկու Ոստիկաններ

Յունական ոստիկանութենէն աղբիւր մը յայտարարեց, թէ երկու ոստիկաններ թեթեւօրէն վիրաւորուած են, երբ անծանօթներ յարձակում գործած են Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի կեդրոնը գտնուող ոստիկանատան մը դէմ: Յարձակումը տեղի ունեցած է անիշխանական շրջանակներու անդամ շուրջ 80 անձերու մասնակցութեամբ ցոյցէ մը ետք: Ցուցարարները ապահովական ուժերուն վրայ քարեր ու փայտի կտորներ նետած են: Ոստիկանութիւնը հակադարձած է օգտագործելով արցունքաբեր կազ: Ըստ նոյն աղբիւրին, երկու ոստիկաններ թեթեւօրէն...

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Կը Յայտնէ «Էս-400»-ներու Պահեստամասերու  Թուրքիա Հասնելուն Մասին

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտնէ «Էս-400»-ներու Պահեստամասերու Թուրքիա Հասնելուն Մասին

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտնած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու պահեստամասերու` Թուրքիա հասնելուն մասին: «Թուրքիոյ օդային եւ հրթիռային պաշտպանութեան կարիքներուն համար «Էս-400» հեռահար օդային եւ հրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռք բերման համաձայնագիրը կնքուած էր 11 ապրիլ 2017-ին: Համաձայնագիրի ծիրին մէջ «Էս-400» հեռահար օդային եւ հրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու առաջին խումբի պահեստամասերը 12 յուլիս 2019-ին սկսած են տեղափոխուիլ Մուրթետի օդուժի ռազմակայանի տարածք...

«Դէպի Վրաստան Թռիչքները Դադրեցնելու Մասին  Ռուսիոյ Որոշումը Անհամաչափ Է Ու Անարդար»  Կ՛ըսէ Թուսք

«Դէպի Վրաստան Թռիչքները Դադրեցնելու Մասին Ռուսիոյ Որոշումը Անհամաչափ Է Ու Անարդար» Կ՛ըսէ Թուսք

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի կարծիքով` Վրաստանի հետ օդանաւային հաղորդակցութիւնը դադրեցնելու մասին Ռուսիոյ իշխանութիւններու որոշումը անարդար է: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Ափսնի» կայքը: Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Թուսք անդրադարձած է ռուսական իշխանութիւններու որոշումին: «Ռուսիոյ որոշումը անհամաչափ է, անարդար: Այս պարագային Եւրոպական Միութիւնը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Վրաստանին եւ ամբողջովին կը հաստատէ Վրաստանի տարածքային...

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ  Բանակի Սպայակոյտի Պետին Հետ

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետին Հետ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Վալերի Կերասիմովի հետ, որ նաեւ բանակցութիւններ վարած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ռազմական-թեքնիք համագործակցութեան արդիական հարցերը, որոնց շարքին` Կասպից ծովուն մէջ պաշտպանութեան նախարարութիւններու գործակցութիւնը:

Մինչ Թեհրան Կը Հերքէ.  Լոնտոն Եւ Ուաշինկթըն Կը Հաղորդեն  Իրանեան Նաւերու Կողմէ Բրիտանական Քարիւղատար  Նաւ Արգելանքի Տակ Առնելու Փորձի Մը Մասին

Մինչ Թեհրան Կը Հերքէ. Լոնտոն Եւ Ուաշինկթըն Կը Հաղորդեն Իրանեան Նաւերու Կողմէ Բրիտանական Քարիւղատար Նաւ Արգելանքի Տակ Առնելու Փորձի Մը Մասին

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ իրանեան երեք նաւեր փորձած են Հորմուզի նեղուցին մէջ փակել «Պրիթիշ Հերիթէյճ» նաւուն ճամբան, սակայն բրիտանական ծովուժի «Մոնթրոզ» յածանաւը բերանացի զգուշացում մը յղած է իրանեան նաւերուն, որոնք հեռացած են: Բրիտանիոյ կառավարութեան բանբերը յայտնեց, թէ Լոնտոն մտահոգ է «իրանեան իշխանութիւններուն վարմունքէն, եւ անոնց կոչ կ՛ուղղենք կացութիւնը հանդարտեցնելու»: Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են,...

Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Դէմ  Պատժամիջոցներ Կը Պատրաստէ

Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կը Պատրաստէ

Եւրոպական Միութիւնը կը քննարկէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման հարցը` Անգարայի կողմէ Կիպրոսի ափերուն մօտ երկրաբանահետախուզական աշխատանքներ կատարելուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Թուրքիոյ անօրինական երկրաբանահետախուզական աշխատանքներու չդադրեցման լոյսին տակ, Եւրոպական Միութիւնը որոշած է դադրեցնել Օդային փոխադրութեան վերաբերեալ համապարփակ համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները եւ որոշում տուած է անորոշ ժամանակով հրաժարիլ բարձր մակարդակի հետագայ հանդիպումներէն», նշուած է նախագիծին մէջ, որ...

Պաքուի Մէջ Հանդիպում` Ռուսիոյ  Եւ ՕԹԱՆ-ի Սպայակոյտի Պետերուն Միջեւ

Պաքուի Մէջ Հանդիպում` Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Սպայակոյտի Պետերուն Միջեւ

Պաքուի մէջ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած են Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմովի եւ ՕԹԱՆ-ի Միացեալ զինեալ ուժերու հրամանատար զօրավար Թոտ Ուոլթըրզի բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ռուսիա-ՕԹԱՆ շփման գիծին վրայ միջադէպերու կանխարգիլման ուղղութեամբ հաւանական քայլերը, ինչպէս նաեւ փորձագէտներու երկխօսութեան հեռանկարները: Կողմերը հետաքրքրութիւն յայտնած են հաղորդակցութիւններու շարունակութեան նկատմամբ:

Ռուհանի-Փութին-Էրտողան  Հանդիպումը` Օգոստոսին

Ռուհանի-Փութին-Էրտողան Հանդիպումը` Օգոստոսին

Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Հասան Ռուհանիի, Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եռակողմ ձեւաչափով հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին` Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Միջին Արեւելքի հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով: «Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հանդիպումը նախատեսուած է օգոստոսի սկիզբը: Ատիկա...

«Պրեքզիթ»-ը Պիտի Միաւորէ  Թէ՛ Պահպանողական  Կուսակցութիւնը, Թէ՛ Բրիտանիան»  Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«Պրեքզիթ»-ը Պիտի Միաւորէ Թէ՛ Պահպանողական Կուսակցութիւնը, Թէ՛ Բրիտանիան» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Մինչեւ 31 հոկտեմբերին սահմանուած ժամկէտը Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը պիտի միաւորէ թէ՛ ճգնաժամ ապրող Պահպանողական կուսակցութիւնը եւ թէ՛ ալ ամբողջ երկիրը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի եւ վարչապետի պաշտօնի պայքարի յառաջատար Պորիս Ճոնսըն: «Կուսակցութիւնը ճգնաժամ կ՛ապրի եւ կը կորսնցնէ (ընտրողներու) զօրակցութիւնը: Ատիկա սրբագրելու համար անհրաժեշտ է ընել հետեւեալը. նախ, 31 հոկտեմբերին դուրս...

ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ Սպառնացող  Տեսանիւթ Մը Հրապարակած Է

ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ Սպառնացող Տեսանիւթ Մը Հրապարակած Է

«ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ նահանգ» անունը կրող ահաբեկչական խմբակը Թուրքիոյ սպառնացող տեսանիւթ մը հրապարակած է: Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին հինգ ահաբեկիչներ, որոնցմէ մէկը թրքերէնով կը սպառնայ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն: Տեղեկութիւնը հրապարակուած է ամերիկեան ՍԱՅԹ (Միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու որոնողական հիմնարկ) հակահետախուզական հիմնարկի կայքին վրայ, իսկ տեսանիւթը տարածուած է «Թելեկրամ»-ի միջոցով: Թուրքիան իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի վիլայէթ նշող տեսանիւթին մէջ Ապու Քաթատա Ալ Թուրքին կը սպառնայ...

Մեքսիքայի Նախագահը Աղքատներուն  Օգնելու Համար Կը Վաճառէ  Նախագահական Հանգստավայրը

Մեքսիքայի Նախագահը Աղքատներուն Օգնելու Համար Կը Վաճառէ Նախագահական Հանգստավայրը

Մեքսիքայի նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփես Օպրատոր յայտարարած է, թէ յառաջիկային կը պատրաստուի վաճառելու Քարիպեան ծովուն մէջ մեքսիքական Քոսումել կղզիին վրայ գտնուող նախագահական հանգստավայրը` Քինթանա Ռոօ նահանգի աղքատներուն օգնելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Ես լաւ պիտի ուսումնասիրեմ Քոսումել կղզիի Քասա Մայա նախագահական հանգստավայրին առնչուած ամէն ինչ, որովհետեւ ատիկա պիտի վաճառուի եւ գումարը պիտի յատկացուի Քիթանա Ռոօ...

2019-ի Տաքը Նոր Մրցանիշներ Կը Հաստատէ

2019-ի Տաքը Նոր Մրցանիշներ Կը Հաստատէ

ՄԱԿ-ի միջազգային օդերեւութաբանական կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ 2019 թուականը ամէնէն տաք տարին է օդի ջերմաստիճանի դիտարկման ամբողջ պատմութեան ընթացքին, իսկ 5 տարուան վրայ ջերմաստիճանի մրցանիշը արդէն հաստատուած է յունիսին: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Ջերմաստիճանի մրցանիշները պայմանաւորուած են կլիմայի համաշխարհային ջերմացումով, օդային տաք հոսանքներու տեղաշարժումով, որոնց պատճառով ջերմաստիճանը կը բարձրանայ մինչեւ եւ աւելի քան 40 աստիճան: Այդ...

«Բրիտանիոյ` Իրանեան Քարիւղատար Նաւը Արգելանքի Տակ Առնելը Անհեթեթ Արարք Է  Եւ Կը Վնասէ Ինքնին Բրիտանացիներուն»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Բրիտանիոյ` Իրանեան Քարիւղատար Նաւը Արգելանքի Տակ Առնելը Անհեթեթ Արարք Է Եւ Կը Վնասէ Ինքնին Բրիտանացիներուն» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իրանեան կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտնեց. «Բրիտանիոյ` իրանեան քարիւղատար նաւը արգելանքի տակ առնելը անհեթեթ ու սխալ արարք է եւ կը վնասէ ինքնին բրիտանացիներուն»: «Բրիտանացիները քարիւղատար նաւը կանգնեցուցին սպանական ջուրերուն մէջ, եւ անոնք շրջանը բռնագրաւած են», նշեց ան: Իրանի նախագահը իր խօսքը եւրոպացիներուն ուղղելով ըսաւ. «Պէտք չէ Իրանէն մտահոգուիք, այլ` Ամերիկայէն, որ ամբողջ հիւլէական համաձայնագիրը ոտքին տակ առաւ:...

Ռուսիայէն Եւ Եւրոպական Միութենէն Ետք.  Ուաշինկթըն Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ  Կիպրոսի Մօտ Թրքական  Պեղման Աշխատանքներուն Նկատմամբ

Ռուսիայէն Եւ Եւրոպական Միութենէն Ետք. Ուաշինկթըն Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Կիպրոսի Մօտ Թրքական Պեղման Աշխատանքներուն Նկատմամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն խոր մտահոգութիւն զգալ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի մօտ ջուրերուն մէջ իրերայաջորդ պեղման գործողութիւններուն եւ պեղման «Եաւուզ» նաւը վերջերս Քարփաս կղզիին մօտ ջուրեր ուղարկելուն նկատմամբ»: Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց, որ «այս սադրիչ քայլը շրջանին մէջ լարուածութիւններ կը հրահրէ»` աւելցնելով. «Թրքական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք դադրեցնելու այդ գործողութիւնները եւ բոլոր կողմերը կը...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Թուրքիան  «Էս-400»-ները Ձեռք Բերելու Հետեւանքներէն

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Թուրքիան «Էս-400»-ները Ձեռք Բերելու Հետեւանքներէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Արթակուս զգուշացուց Թուրքիան, թէ վերջինս «ինքզինք իսկական հետեւանքներու պիտի ենթարկէ, եթէ ընդունի ռուսական «Էս-400» հրթիռային համակարգը»: «Այդ հետեւանքները կը ներառեն «Էֆ-35» օդանաւերու ծրագիրին մասնակցութիւնը», նշեց ան: «Մենք արդէն յայտարարած ենք, որ եթէ Անգարան ձեռք բերէ ռուսական այդ համակարգերը, ատոր պիտի հետեւի մեր բացասական արձագանգը, որուն շարքին` Թուրքիան նաեւ դուրս պիտի մնայ «Էֆ-35» հալածիչներու...

Պաքուի Մէջ Պիտի Բանակցին Ռուսիոյ  Եւ ՕԹԱՆ-ի Ներկայացուցիչները

Պաքուի Մէջ Պիտի Բանակցին Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Ներկայացուցիչները

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօր. Վալերի Կերասիմով աշխատանքային այցելութիւն պիտի տայ Ազրպէյճան: «Պաքու գտնուելու ժամանակ Կերասիմով բանակցութիւններ պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի միացեալ զինեալ ուժերու հրամանատար Թոտ Ուոլթըրզի հետ», կը նշուի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Փութին Մերժած Է Վրաստանի Դէմ  Պատժամիջոցներ Հաստատելու Տումայի Կոչը

Փութին Մերժած Է Վրաստանի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Տումայի Կոչը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դէմ արտայայտուած է Վրաստանի նկատմամբ պատժամիջոցներու հաստատման: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Ես ատիկա չէի ըներ` ինքնին վրացի ժողովուրդին նկատմամբ յարգանքէն մեկնելով», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը: Փութինի այս յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք Ռուսիոյ խորհրդարանի ստորին պալատը` Տուման «չդադրող հակառուսական սադրանքներ»-ու պատճառով միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` Վրաստանի դէմ պատժամիջոցներ պատրաստելու,...

Ուաշինկթըն Կը Ծրագրէ Իրանի Եւ Եմէնի  Շուրջ Ջուրերուն  Վերահսկող Դաշինք Մը Ստեղծել

Ուաշինկթըն Կը Ծրագրէ Իրանի Եւ Եմէնի Շուրջ Ջուրերուն Վերահսկող Դաշինք Մը Ստեղծել

Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմը կը ծրագրէ ստեղծել միջազգային դաշինք մը, որ պիտի վերահսկէ Իրանի եւ Եմէնի շուրջ ջուրերուն: Այս մասին ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի կը հաղորդէ «Տիֆենս Ուան»-ը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբի նախագահ զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտին: Ըստ օրաթերթին, երեքշաբթի առաւօտեան Տանֆըրտ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարք Էսփըր հանդիպում...

Մերքել Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիպիոյ Զէնքի  Մատակարարման Արգելքը Յարգելու

Մերքել Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիպիոյ Զէնքի Մատակարարման Արգելքը Յարգելու

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, թէ Պերլին կը զօրակցի Լիպիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համար ՄԱԿ-ի ջանքերուն: Ան կոչ ուղղեց` յարգելու Լիպիոյ զէնքի մատակարարման արգելքը` նշելով. «Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լիպիոյ մէջ կացութեան զարգացումներուն»: «Մեծաքանակ զէնքեր Լիպիա կը հասնին արտաքին դերակատարներու ճամբով, ուստի պէտք է յարգել զէնքի մատակարարման արգելքը` նոր մագլցում մը կանխարգիլելու համար», նշեց Գերմանիոյ վարչապետը: «Պէտք է մեր բոլոր...

«Հարիւրաւոր Ռուս Զինուորներ  Կը Պաշտպանեն Մատուրոն»  Կ՛ըսէ Ծովակալ Ֆոլըր

«Հարիւրաւոր Ռուս Զինուորներ Կը Պաշտպանեն Մատուրոն» Կ՛ըսէ Ծովակալ Ֆոլըր

  Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի պաշտպանութեան համար կը շարունակեն գտնուիլ հարիւրաւոր ռուս զինուորներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին առջեւ իր խօսքի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու հարաւային հրամանատարութեան ղեկավար, ծովակալ Քրէյկ Ֆոլըր: Ըստ ծովակալին, Լատին Ամերիկայի մէջ իր զօրքերուն տեղակայումով, Ռուսիան կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներուն իր ուժը ցուցադրել: 26 յունիսին Ռուսիա յայտարարեց, թէ...

Page 518 of 884 1 … 517 518 519 … 884

Արխիւներ