Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի կարծիքով` Վրաստանի հետ օդանաւային հաղորդակցութիւնը դադրեցնելու մասին Ռուսիոյ իշխանութիւններու որոշումը անարդար է: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Ափսնի» կայքը:
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Թուսք անդրադարձած է ռուսական իշխանութիւններու որոշումին:
«Ռուսիոյ որոշումը անհամաչափ է, անարդար: Այս պարագային Եւրոպական Միութիւնը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Վրաստանին եւ ամբողջովին կը հաստատէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք կը կիսենք հասարակաց արժէքներ, Վրաստանը բազմիցս ցոյց տուած է ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, օրէնքի գերակայութեան հաստատման նկատմամբ իր յանձնառութիւն», ըսած է Թուսք:
Ըստ անոր, այս համագործակցութեան ծիրին մէջ երկրի դատական համակարգը առաւել հանրային վստահութիւն ձեռք պիտի բերէ, իսկ տնտեսութիւնը առաւել գրաւիչ պիտի դառնայ օտարերկրեայ ներդրողներու համար:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած էր հրամանագիր մը, որ ռուսական օդանաւային ընկերութիւններուն կ՛արգիլէ 8 յուլիսէն սկսեալ Ռուսիոյ քաղաքացիները փոխադրել Վրաստանի տարածք: Հրամանագիրը ստորագրուած է Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներու ազգային անվտանգութեան պահպանման նկատառումներէն մեկնելով եւ պիտի գործէ ժամանակաւորապէս: